ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Արդէն իսկ որոշ ժամանակէ մը ի վեր քիւրտ ղեկավարներ մուտք գործած են Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի լայն թատերաբեմէն ներս՝ յաճախակի յայտարարութիւններ ընելով պատկերասփիւռի կայաններէն ու մամուլէն, բայց անոնց մայրենի լեզուն քրտերէնն է եւ անոնք թրքերէնը կը նկատեն երկրորդ լեզու:
Քիւրտ քաղաքագէտներէն Սըրրը Սաքըք, որ յաճախ կրակոտ յայտարարութիւններ կ՛ընէ, վերջերս ունեցաւ մէկ այլ յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերէր կառավարութեան շրջանակներէն ներս եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ տիրող ապօրինութիւններուն ու կաշառակերութեան, սուր բանավէճին պատճառելով։
Այս մասին լուսաբանութիւն մը ըրաւ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ, որ նմանապէս բաւական ազդու քիւրտ քաղաքական գործիչ մըն է։ Ան ըսաւ, թէ չի կարծեր, որ Սըրրը Սաքըքի այդ խօսքերը կրնան խլրտումներ յառաջացնել քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան շարքերէն ներս։ «Հիմա, կարծեմ, Սըրրը Սաքըքի փաստաբանութիւնը պէտք է ընեմ։ Անոր ըսել ուզածը շատ պարզ բան մըն էր։ Բայց Սըրրը Սաքըք միշտ կրակոտ քաղաքագէտ մը եղած է եւ անոր թրքերէնը քիչ մը անբաւարար է: Այդ պատճառաւ ան կրնայ սխալ հասկցուիլ։ Իրականութեան մէջ, ան ըսել ուզած էր, թէ հիմա քիւրտերուն համար Թուրքիոյ թիւ մէկ հարցը ապօրինութիւնները չեն, որովհետեւ քիւրտերը այլ հրատապ հարցեր ունին», ըսած է Քիւրքճիւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.