
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 10 Յունուարին Ալավերդիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր՝ ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին:
Ալավերդիի մէջ կայացած բողոքի երթին մասնակիցները կը դժգոհէին, որ գործատէրերը իրենց աշխատավարձերէն կը կրճատէին այս պատճառով, թէեւ այդ մէկը չընելու իրաւունք տրուած է աշխատողներուն:
«Խնդիրն այն է, որ գործատուն չի կարեւորում իր աշխատողին, իր աշխատողի շահը: Նրա համար աւելի կարեւոր է պետութեանը հաճոյանալու խնդիրը, քան իր աշխատողը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ալավերդիի «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը:
Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ցուցարարներուն միացած են նաեւ Երեւանէն ժամանած «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները:
Բողոքողներուն մէջ քիչ չէին նաեւ թոշակառուները, որոնք «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած են, որ կը պայքարին իրենց զաւակներուն ապագային համար:
«Ես թոշառու եմ, բայց դէմ եմ: Չեմ պատկերացնում, թէ ինչպէս են մտածում մարդիկ խաբել մի ամբողջ ժողովրդի», ըսած է տարեց տղամարդ մը:
Վանաձորի բնակիչ, դրամատան աշխատակից Սարգիս Առաքելեանի աշխատավարձէն կը զեղչեն կուտակային կենսաթոշակին համար, մինչդեռ ինք դէմ է օրէնքին եւ վստահ չէ, որ այդ գումարը նպատակին պիտի ծառայէ. «Իրենք ընդունեցին այս օրէնքը որպէս պարտադիր՝ չունենալով ոչ մի հիմք»:
Առաքելեանի համաձայն՝ նման օրէնք մը անընդունելի է անգործութեան բարձր մակարդակ ունեցող Հայաստանի մէջ. «Անընդունելի է առաջին հերթին տնտեսագիտական տեսանկիւնից, քանի որ պետութիւնը պէտք է կիրառէր հակառակ մակրոտնտեսական քաղաքականութիւնը: Մի բան էլ եկամտահարկը կամ սոցվճարները կրճատելով, որպէսզի գործատուն շահագրգռուած լինի աւելի շատ աշխատողներ ներառելու: Բայց մեր կառավարութիւնը, ինչպէս միշտ, կայացրեց անտրամաբանական որոշում»:
Վանաձորցիները յայտնած են, որ իրենք կը պայքարին յանուն արդարութեան. «Դէմ չենք իշխանութեանը: Ուղղակի պէտք է ստիպենք իւրաքանչիւր համակարգին աշխատել ճիշդ, պատշաճ կերպով անել իր գործը, ոչ թէ թալանել այս երկիրը», ըսած է ցուցարարներէն մէկը:
«Դէմ եմ» նախաձեռնութեան Վանաձորի անդամները յաջողած կը նկատեն իրենց բողոքը՝ նշելով, որ ցոյցերը շարունակական պիտի ըլլան. «Մինչեւ ամսի 28ը ակցիաներ լինելու են, միջոցառումներ լինելու են: Մենք անպայման կը յայտարարենք: Այսօրուայ մասնակիցների թիւը նկատի ունենալով՝ կը մշակուեն հետագայ գործողութիւնները»:
Նախաձեռնութեան համար Երեւանէն ժամանած անդամներէն Տիգրան Մարտիրոսեանը «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ իրենց նպատակը իրազեկելն ու մարդիկը համախմբելն է՝ աւելցնելով, որ մինչեւ Մարտ 28ը իրազեկման եւ բողոքի երթեր պիտի կազմակերպուին նաեւ մարզերուն մէջ։