
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վիճակը կը նկատէ ծանր, քանի որ բանակցութիւններուն կողմերէն մէկը՝ Ատրպէյճանը, չ՛ուզեր համաձայնել միջազգային հանրութեան, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին կողմէ առաջարկուող լուծման տարբերակին եւ կը փորձէ փոխել մօտեցումները:
Հետեւելով բանակցութիւններուն ընթացքին՝ Մանոյեան ունի այն տպաւորութիւնը, որ կողմերը երկու տարբեր լեզուներով կը խօսին: «Հայաստանն ու համանախագահող պետութիւնները մի լեզուով են խօսում, Ադրբեջանը՝ մէկ այլ: Ցանկացած հարց Ադրբեջանն իրեն նպաստաւոր պայմաններով եւ որոշ վերապահումներով է պատկերացնում», նշեց ան։
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տարածաշրջան տուած վերջին այցելութիւնը, Մանոյեանի համաձայն՝ անարդիւնաւէտ է, քանի որ կարծես թէ կը խաթարուի գործընթացի շարունակականութիւնը:
Մանոյեան համանախագահներէն կ՛ակնկալէ նոր լուծումներ գտնել, նոր առաջարկներ ներկայացնել: «Համանախագահների այսօրուայ մօտեցումն այն է, որ իրենք կեղծ հաւասարութիւն են դրել կողմերի միջեւ եւ չեն ուզում տեսնել ու ընդունել, որ գործընթացը խափանող մօտեցում կայ Ադրբեջանի կողմից: Գիտակցելով հանդերձ, որ յաղթելու շանս չունի, Ադրբեջանն այնպիսի քայլեր է ձեռնարկում, որոնք կարող են յանգեցնել նոր պատերազմի», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Անոր համաձայն՝ համանախագահող պետութիւնները մնայուն կերպով կը հանդուրժեն ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը: Անոնք ո՛չ քայլերու կը ձեռնարկեն Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, ոչ ալ անհրաժեշտ քայլերու կը դիմեն՝ զսպելու Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններն ու արարքները: «Սա վտանգաւոր է դարձնում իրավիճակը: Որքան յետաձգուի խաղաղութեան ամրագրումը, այնքան ապակայունացման վտանգը կը շատանայ: Կարգաւորումը պէտք է բանակցութիւնների միջոցով իրականացուի: Ադրբեջանը պէտք է հասկանայ, որ իր սանձազերծած պատերազմի հետեւանքները պէտք է իր վրայ զգայ», ըսաւ Մանոյեան։ Ան աւելցուց, որ համանախագահող պետութիւնները՝ Ատրպէյճանի հետ որոշակի ընդհանուր շահեր ունենալով, չեն ուզեր նեղացնել զայն, կը հանդուրժեն անհանդուրժելին եւ յայտարարուած սկզբունքներուն դէմ քայլեր կ՛առնեն: «Այս կերպ նրանք նպաստում են ոչ միայն սահմանին լարուածութեան ուժեղացմանը, այլեւ վտանգում տարածաշրջանի կայունութեանը: Նրանք դա հասկանում են, սակայն այլ կեցուածք դրսեւորում», նկատել տուաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչը:
Միջազգային հանրութիւնը եւ, մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի պետութիւնները այլ երկրներու մէջ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ այլ կեցուածք դրսեւորած են: Քոսովոյի, Աբխազիոյ կամ Հարաւային Օսեթիոյ պարագային միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը այլ էր:
«Կոսովոյի պարագայում երկու տարին բաւական էր, որպէսզի Արեւմուտքը հասկանար՝ բանակցութիւններն առաջընթաց չեն ունենայ, կողմերը դիրքորոշում չեն փոխի, եւ միջազգային համայնքը քայլեր ձեռնարկեց: Ռուսաստանը Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսիայի հարցով նոյն մօտեցումը դրսեւորեց: Մինչդեռ Ղարաբաղի դէպքում նրանք ակտիւօրէն աշխատում են ճանաչման քաղաքականութեան դէմ», ըսաւ ան:
Ըստ Մանոյեանի՝ բանակցութիւններուն զուգահեռ հայկական կողմը պէտք է երկու ճակատով աշխատի՝ բարեփոխի ժողովրդագրական վիճակն ու քայլերու ձեռնարկի Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ:
«Պարզ է , որ որեւէ պետութիւն չի համաձայնի ամբողջական ճանաչում տալ միանգամից՝ հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ համանախագահող երկրները դէմ են, սակայն պէտք է նպաստենք, որ Արցախին պարտադրուող մեկուսացման իրավիճակը փոխուի, եւ Արցախը որպէս պետական միաւոր հնարաւորութիւն ունենայ կապ հաստատելու արտասահմանի ամենատարբեր միաւորների հետ», յայտնած է Հայ Դատի քաղաքական հարցերու պատասխանատուն:
Այս առնչութեամբ, 2013ին սկսած ճանաչման գործընթացին զուգահեռ Մանոյեան կ՚առաջարկէ կեդրոնանան յստակ գործակցութիւններու վրայ, որոնք, բացի որոշումներէն եւ յայտարարութիւններէն, նոր որակ պիտի տան ճանաչումներուն եւ պիտի նպաստեն Արցախի եւ տուեալ պետութեան հասարակութեան միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան: