ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան վարչական շէնքին մօտ հաւաքուած, իրենց Յունուարի աշխատավարձերէն հարկադրաբար զեղչուած պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային գումարներուն վերադարձուիլը պահանջող աշխատակիցներէն 20ը ընդունած է ընկերութեան տնօրէնը: Համաձայնութիւնը կայացած է՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ»ու աշխատակիցներուն եւ «Երկաթուղային Արհմիութեան» նախագահ Աշոտ Խլղաթեանի միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք:
«Նիուզ»ի թղթակիցը յայտնած է, թէ Աշոտ Խլղաթեան առաջարկած է, որ տնօրէնի աշխատասենեակը բարձրանան ոչ թէ բոլոր աշխատակիցները, այլ միայն 20 հոգի, առանց լրագրողներուն, ինչ որ յառաջացուցած է ցուցարարներուն դժգոհութիւնը:
«Մենք բարձրաձայնելու ենք ոչ միայն 5 տոկոս պահումների խնդիրը, այլեւ ուրիշ խնդիրներ՝ արտաժամեայ աշխատանքի դիմաց չվճարելու խնդիրը, աշխատանքային վատ պայմանների խնդիրը, ցածր աշխատավարձերի խնդիրը», յայտնած է աշխատակիցներէն մէկը։
Իրենց պահանջները չկատարելու պարներու վրայ, որոնք, բացի որոշումներէն եւ յայտարարութիւններէն, նոր որակ պիտի տան ճանաչումներուն եւ պիտի նպաստեն Արցախի եւ տուեալ պետութեան հասարակութեան միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.