ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սոչիի մէջ տեղի ունեցող 22րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու ծիրին մէջ 9 Փետրուարին խաղերուն մասնակցեցան Հայաստանի պատուիրակութենէն Սերգէյ Միքայէլեանն ու Արթուր Եղոյեանը: 15+15 սքիաթլոնի մրցումներուն Սերգէյ Միքայէլեան գրաւած է 46րդ դիրքը՝ 68 մասնակիցներուն մէջ։ Այս ցուցանիշը այս խաղերուն ընթացքին Հայաստանի մարզիկներուն համար լաւագոյնն է: Արթուր Եղոյեան 63րդ դիրքի վրայ է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.