ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պիտի հոգայ բնակչութեան կողմէ օգտագործուած ելեկտրականութեան ծախսերուն մէկ մասը։ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ այս մասին համապատասխան որոշում տրուած է 11 Փետրուարին գումարուած կառավարութեան նիստին։
Որոշման ընդունումը առնչուած է ելեկտրականութեան նախկին եւ ներկայ գիներու տարբերութեան փոխհատուցման: Պետութիւնը պիտի հոգայ ելեկտրականութեան ծախսերուն մէկ մասը (ցերեկային գիներուն համար 13 դրամ/ քիլոուաթ/ժամ, իսկ գիշերայինի համար՝ 8 դրամ/ քիլոուաթ/ժամ՝ ներառեալ յաւելեալ արժէքի տուրքը):
Նիստին ընթացքին վաւերացուած է նաեւ տնտեսական զարգացման ուղղուած 2014ի պետական պիւտճէի միջոցներով իրականացուող նախաձեռնութիւններուն ծրագիրը: Նախատեսուած 30 միլիոն դրամով աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի տնտեսական համաժողովներուն եւ ցուցահանդէսներուն, պիտի վերազինուի սննդամթերքի փորձարկման տարրալուծարանը եւ այլն:
Համաձայնութեան արժանացած են նաեւ 2014ի պետական պիւտճէով նախատեսուած գիւղատնտեսական ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները: Մօտ 3 միլիառ դրամ պիտի յատկացուի 12 գիւղատնտեսական կարեւոր ծրագիրներու իրագործման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.