«Akhaltskha.Net».– 5 Յունուարին Վրաստանի խորհրդարանը երրորդ ընթերցումով ընդունած է ինքնակառավարման մարմիններուն վերաբերեալ նոր օրինագիծը, որուն համաձայն, միայն այն քաղաքները, որոնք կը նկատուին շրջանային կեդրոններ պիտի ունենան ինքնակառավարման կարգավիճակ:
Ինքնակառավարման իրաւունք ստացած քաղաքներուն կարգին է նաեւ Սամցխէ–æաւախք տարածաշրջանի կեդրոնը նկատուող Ախալցխա քաղաքը, ուր ներկայ դրութեամբ հայերը կը կազմեն մօտ 40 տոկոս:
Նոր օրինագիծին համաձայն՝ քաղաքապետի պաշտօնը Ախալցխայի մէջ կը դառնայ ընտրովի:
Սկզբնական հանգրուանին ինքնակառավարման քաղաքներուն վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը կը մշակուէր աւելի ժողովրդավար սկզբունքներով եւ կ՛ենթադրէր աւելի լայն ինքնակառավարման իրաւունքի շնորհում շրջաններուն: Օրինագիծի նախնական մշակման եւ քննարկման հանգրուանին կ՛ենթադրուէր, որ աւելի մեծ թիւով քաղաքներ ստանան ինքնակառավարման իրաւունք, սակայն Վրաստանի պատրիարքին խիստ յայտարարութենէն ետք, որուն մէջ ան վտանգաւոր նկատեց այս մէկը ազգային փոքրամասնութիւններով բնակեցուած շրջաններուն համար, տուեալ օրինագիծը վերանայուեցաւ։ Իբրեւ հետեւանք՝ ենթադրաբար Սամցխէ-æաւախքի հայաշատ Ախալքալաքը զրկուեցաւ ինքնակառավարման քաղաքի իրաւունքէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.