Երկուշաբթի, 10 Փետրուարին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները՝ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (անդամ ԵՀԽի Գործադիր վարչութեան) եւ Թենի Սիմոնեան (անդամ ԵՀԽի Կեդրոնական վարչութեան), ԵՀԽի ատենապետ դոկտ. Ակնէս Ապումի եւ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի հետ ժողով մը գումարեցին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյններն ու պատկերացումները փոխանցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման գծով ԵՀԽի ունենալիք դերակատարութեան մասին:
Նախ, Նարեկ սրբազան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծրագիրները: Ապա, Թենի Սիմոնեան խօսեցաւ 7 Փետրուարին Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհի Ռութ Ֆլինթի Արամ Ա. վեհափառին տուած այցելութեան եւ «Արմէնոֆաս»ի ու Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման համատեղ ծրագիրներուն մասին:
Գալով ԵՀԽին, ժողովականներ անդրադարձան, թէ ԵՀԽի 10րդ համաժողովի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յայտարարութիւնը «կը թելադրէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին. 1) 2015ի Ապրիլ 24ին մօտ թուականի մը, Ժընեւի մէջ կազմակերպել միջազգային համագումար մը, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման՝ մասնակցութեամբ միջազգային օրէնքի ու Ցեղասպանութեան մասնագէտներու: 2) Ժընեւի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպել կրօնական արարողութիւն: 3) Կոչ ուղղել Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի անդամ եկեղեցիներուն ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ աշխատանք տանելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով»:
Այս ուղղութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները առաջարկեցին միջազգային համագումարը կազմակերպել.
1) Փետրուար կամ Մարտ 2015ին.
2) Թեմա ունենալ Անթիլիասի մէջ նախապէս գումարուած Հայ Դատի միջազգային համագումարներու շարունակութիւնը նկատուող «անպատժելիութիւնը».
3) Կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ ներառել ԵՀԽի Կեդրոնական վարչութեան չորս անդամներ՝ Վիգէն արք. Այքազեանն ու Փոլա Տէր Մաթոյեանը (Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւն), Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Թենի Սիմոնեանը (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն).
4) Համատեղ սկսիլ պատրաստելու դասախօսներու եւ հրաւիրեալներու ցանկը:
Ապա, Հայ եկեղեցի եւ ԵՀԽ գործակցութեան զանազան բնագաւառներ քննարկուեցան ու յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ իրավիճակին մասին միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.