Ֆրանսայի Տրոմ եւ Արտեշ նահանգներու Ֆրանսահայ վեթերաններու միութիւնը Փետրուար 21ին Վալանս քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ խորհրդաժողով մը՝ «Օտարները Դիմադրութեան Շարժման Մէջ» նիւթով:
Խորհրդաժողովին հանդէս պիտի գայ Սեն Շամոնի նախկին փոխքաղաքապետ, Լուար գաւառի Հայ մշակոյթի տան պատուաւոր նախագահ Ժան Գրիգորեան:
Նշենք, որ նշեալ օտարներուն շարքին էր նաեւ Միսաք Մանուշեանի խումբը, որ կը պայքարէր Ֆրանսան ազատագրելու նացիներէն:
Խումբի անդամները նացիները գնդակահարեցին 1944ի Փետրուար 21ին, Մոնթ Վալերյէն ամրոցին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.