Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլուի նոր «Սէր» խորագիրը կրող ալպոմը Փետրուար 11էն արդէն հրապարակի վրայ է:
Սիպիլի «Սէր» ալպոմը կ՛ընդգրկէ 12 կատարում, որոնցմէ 11ը հայերէնով եւ մէկը՝ արամերէնով:
Ալպոմին մասին խօսելով երգչուհին նշած է, թէ ինք ուզած է ալպոմին տալ «Սէր» խորագիրը, որովհետեւ աշխարհի ամէնէն ուժեղ զգացումը սէրն է: «Ունիմ նոր երգեր եւ մեծ անակնկալներ, որոնք շատ մեծ սիրով եւ շատ մեծ յուզումով կատարած եմ: Միշտ լաւ եւ սիրով լի մնացէք, իմ սիրելիներ: Սրտանց համբոյրներ բոլորին», իր խօսքին մէջ նշած է Սիպիլ:
Նշենք, որ Սիպիլ միակ հայ երգչուհին է, որուն կատարումներն ու տեսահոլովակները սփռուած են թրքական հեռատեսիլի ալիքներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.