ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնի սրահին մէջ 14 Փետրուարին՝ Տեառնընդառաջ եւ Սուրբ Սարգիս տօներուն առիթով տեղի ունեցած է «Սիրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանում» խորագիրով բարեսիրական ցուցահանդէս-տօնավաճառ։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 30 սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, զարդեր, հրուշակեղէն եւ այլն:
Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է ցուցահանդէս, ծանօթացած է սոորիահայերուն աշխատանքներուն: Նախարարը այս նախաձեռնութիւնը նկատած է սուրիահայերուն համարկման կարեւոր քայլ եւ նշած է, որ տօնավաճառին շնորհիւ անոնք ոչ միայն իրենց աշխատանքները ցուցադրելու, այլ նաեւ գումար վաստակելու կարելիութիւն պիտի ունենան։
Տօնավաճառին մասնակից սուրիահայերուն հետ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ՝ ցուցահանդէս-տօնավաճառէն ստացուած հասոյթին մէկ մասը պիտի յատկացուի «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրի ֆոնտին:
Սուրիահայերու աշխատանքներու ցուցահանդէս-տօնավաճառը պիտի շարունակուի նաեւ 15 Փետրուարին Սիրահարներու այգիին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.