ՔԻԵՒ, «Սի.Էն.Էն.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 20ին, Ուքրանիոյ հակակառավարական ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումները վերսկսան, Չորեքշաբթի երեկոյեան հռչակուած կարճատեւ զինադադարէն ետք: Ընդդութեան աղբիւրներուն համաձայն՝ բախումներուն ընթացքին մահացաւ մօտաւորապէս 100 հոգի եւ վիրաւորուեցան 500 ուրիշներ:
Զոհերուն մեծ թիւը Փետրուար 20ը կը դարձնեն անցեալ Նոյեմբերին սկսած հակակառավարական ցոյցերու ամենամահացու օրը: Ընդդիմադիրները, որոնք մէկ օր առաջ գրաւած էին Քիեւի գլխաւոր նամակատան շէնքը, Հինգշաբթի օր նաեւ գերի բռնած են 67 ոստիկաններ՝ լարուածութիւնը աւելի սրելով:
Չորեքշաբթի օրուան զինադադարի անտեսումը եւ Հինգշաբթի օրուան բախումներու սաստկացումը ցոյց կու տան, թէ կացութիւնը սկսած է կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ղեկավարութեան հակակշիռէն դուրս գալու:
Կացութիւնը զգալիօրէն վատթարացաւ Երեքշաբթի օր, երբ ապահովական ուժերը փորձեցին արմատախիլ ընել մայրաքաղաք Քիեւի մէջ հաստատուած ցուցարարներու վրանաքաղաքը:
Ուքրանիոյ Ողիմպիական յանձնախումբի նախագահ Սերկէյ Պուպքա, Սոչիէն բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց վերջ տալու բռնարարքներուն, որոնք «մեր երկիրը աղէտի եզրին կը դնեն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.