– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փետրուար 19ին յայտնած է. «Մարդասիրական օժանդակութիւնները Սուրիա հասցնելու վերաբերեալ ՄԱԿի որոշումին շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ գոյանալ յառաջիկայ օրերուն, եթէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները հարցը չքաղաքականացնեն»:
– Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտած է, թէ Իրան մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ «կացութեան կայունացումը մօտալուտ է»:
– Թրքական ապահովական մարմինները Շըրնաք նահանգին մէջ Փետրուար 19ին մեծ քանակութեամբ զէնք գրաւած են եւ ահաբեկչութեան կասկածներով ձերբակալած են 30 հոգի:
– Իլինոյի մէջ, սեւամորթ աշակերտներուն 41 տոկոսը կը յաճախէ այնպիսի վարժարաններ, որոնց մէջ սպիտակամորթները նուազ քան 1 տոկոս են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.