
ԱԹԷՆՔ.- Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Աթէնք պիտի այցելէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարուհի Նարինէ Աղապալեանը, որ հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու Յոյն-Հայ բարեկամութեան միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը՝ Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարի երեկոյեան, Աթէնքի մէջ Պոլսեցիներու միութեան սրահէն ներս:
Ձեռնարկը կը վայելէ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութիւնը: Խօսքերով հանդէս պիտի գան նաեւ միութեան նախագահ Նիքոս Լիղերոս, Հայաստանի մօտ Յունաստանի առաջին դեսպան, դիւանագէտ Լէոնիտաս Խրիսանթոփուլոս եւ այլ անձնաւորութիւններ: Ձեռնարկը կը կրէ «Հայաստան-Արցախ. մէկ ազգ, մէկ պայքար» խորագիրը:
Աթէնքի հայ համայնքի անդամները առիթ մը եւս պիտի ունենան տեսակցելու ԼՂՀ նախարարուհիին հետ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ ծրագրուած ժողովրդային ձեռնարկի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 24 Փետրուարին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս: ԼՂՀ նախարարուհին ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր խօսքը ուղղէ մասնակիցներուն: