ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան «Լեպընան Ֆայըլզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համար ի գործ դրուելիք ջանքերուն մասին:
Ան հաստատեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ սերտելու նախարարութեան կարիքները, որպէսզի հոգայ զանոնք:
Պատասխանելով կառավարութեան նոր կազմին մասին հարցումի մը՝ Ա. Նազարեան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերը ներկայացուած են կառավարութեան մէջ՝ մաղթելով, որ անոնք իրարու հետ գործակցին, «որովհետեւ լիբանանցիները ձանձրացած են տիրող քաղաքական իրավիճակէն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած», ըսաւ ան:
Ուժանիւթի նախարարութիւնը ստանձնելու պատճառներուն մասին Ա. Նազարեան ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը, խորհրդակցելէ ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, յարմար գտաւ, որ այս նախարարութիւնը ես ստանձնեմ»:
Ուժանիւթի նախարարութեան «գրաւչութեան» մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Արթիւր Նազարեան շեշտեց, որ ինք գաղտնի ոչինչ ունի, ոչ ոքէ կը վախնայ եւ նախարարութեան հաշիւները բոլորին դիմաց բաց պիտի ըլլան:
Արթիւր Նազարեան ծնած է Պէյրութ, 1951ին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիոյ նահանգի համալսարանին մէջ, ուր հետեւած է կերպասի ճարտարագիտութեան ճիւղին եւ աւարտած՝ 1973ին:
Կը գործէ առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ. ան գործարաններ ունի նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ:
1998-2000 նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի կառավարութեան մէջ վարած է զբօսաշրջութեան եւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնը:
2007ին, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի կողմէ արժանացած է Մայրիներու «Հրամանատար» շքանշանին:
2009ին, Հայկական երեսփոխանական խմբակին կողմէ առաջադրուած է Արթիւր Նազարեանի թեկնածութիւնը Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն: Տոհայի մէջ գոյացած համախոհութեան իբրեւ արդիւնք ան ընտրուեցաւ երեսփոխան:
Ա. Նազարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ է:
Ամուսնացած է Թամար Գալայճեանի հետ եւ ունի երեք զաւակ՝ Կերի, Ալեքս եւ Փիթըր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.