(Ծնեալ՝ Պէյրութ, Լիբանան)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ տոքթ. Մկրտիչ Քէշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Փետրուար 16, 2014ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 1, 2014, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Դուստրերը՝ Անի եւ Մարի Քէշիշեաններ
Նախկին կինը՝ Տէյլ Քէշիշեան
Քոյրերը՝ Զապէլ Թապաքեան
Աշխէն Վաներեան
Հերմինէ Մասարճեան
եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի վերոյիշեալ եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Syrian Armenian Relief Fund-ին, P. O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948:
ՏՈՔԹ. ՄԿՐՏԻՉ (ՄԱՅՔԸԼ) ԱՐՍԷՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆի մահուան տխուր առիթով Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանականներու ընկերակցութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի դուստրերուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: