
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանցի եռացատկորդ, Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան Լեւոն Աղասեան իր լաւագոյն խաղարկութիւնը ցոյց տալով՝ 16.16 մեթր, դարձաւ Պոլսոյ մէջ աւարտած պալքանեան երկիրներու այս մրցաձեւին յաղթողը:
Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւած են, համապատասխանաբար, վրացի մարզիկ Լաշա Թորկուաձեն՝ 16.15 մեթր եւ ռուս եռացատկորդ Վլատիմիր Լեթունովը՝ 16.4 մեթր արդիւնքներով:
Հայաստանցի ցատկորդ Արսէն Սարգսեան նոյն մրցաշարքին մէջ գրաւած է չորրորդ դիրքը:
Լեւոն Աղասեան առաջին հայ թեթեւաթլեթն է, որ եւրոպական մակարդակի մետալ խլած է։
Հայաստանի Աթլեթի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոբերտ Էմմիյեանի համաձայն՝ «Աղասեանը Հայաստանի ամենահեռանկարային թեթեւատլետներից մէկն է»: