ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 26 Փետրուարին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սիրմեդ» ախտորոշիչ բժշկական կեդրոնին: Բացման պատիւը վերապահուած էր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեանին եւ կեդրոնի տնօրէն Սիրանոյշ Մարտիրոսեանին:
Նորաբաց բժշկական կեդրոնին մէջ կատարուած է շուրջ 600 միլիոն դրամի ներդրում, ստեղծուած է շուրջ 40 նոր աշխատատեղ: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեանը՝ բժշկական կեդրոնի տնօրէնին ընկերակցութեամբ, շրջագայած են կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացած սպասարկման պայմաններուն: Սիրանոյշ Մարտիրոսեան նշած է, որ կեդրոնին մէջ կան ժամանակակից արհեստագիտական պահանջներուն համապատասխանող կառավարման համակարգեր, եւ անիկա ծառայութիւններ պիտի մատուցէ 3 հիմնական ուղղուածութեամբ՝ տարրալուծարանի հետազօտութիւններ, ախտորոշման եւ գեղեցկագիտական ծառայութիւններ: Ան հաստատած է, որ ձեռք բերուած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող զուիցերական, գերմանական, ֆրանսական, ամերիկեան, ճափոնական վերջին սերունդի ժամանակակից սարքաւորումներ։
Սիրանոյշ Մարտիրոսեան աւելցուցած է, որ բժշկական կեդրոնը պիտի մատուցէ նաեւ բուժման, գեղեցկագիտական վիրաբուժական, մանկաբարձական, ուռոլոկիական, անդրոլոկիական, ինչպէս նաեւ մաշկաբանական ծառայութիւններ եւ որ բոլոր այդ ծառայութիւնները կը մատուցուին բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.