
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային միութեանը եւ Վրաստանի՝ Եւրամիութեան հետ Ազատ առեւտրի համաձայնագրի կնքումը չեն խոչընդոտի երկու երկրների յարաբերութիւններին։ Ընդհակառակը, այս որոշումները նոր հնարաւորութիւններ են ընձեռում մեր գործարարներին», յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Սարգսեան լրագրողներուն յայտնած է, որ Վրաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են Հայաստանի մասնակցութեանը Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ ծաւալող համարկման գործընթացներուն, վրացի գործընկերներուն ներկայացուցած են այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կատարուած աշխատանքներն ու հետագայ ծրագիրները:
«Անշուշտ, նաեւ այն փաստարկների եւ մեր մօտեցումների ամբողջութիւնը, որի հիման վրայ մենք կատարեցինք մեր ընտրութիւնը՝ միանալու Մաքսային միութեանը», աւելցուցած է Սերժ Սարգսեան:
Մարկվելաշվիլին, իր կարգին, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Վրաստանի տնտեսական զարգացման տարբեր ուղղութիւններուն, ըսած է. «Հակառակ անոր որ մեր քաղաքական ուղղութիւնները կը տարբերին, մենք նոյն տեսակի դիրքորոշում ունինք մեր յարաբերութիւններու զարգացման առնչութեամբ, եւ փոփոխութիւնները պիտի ըլլան միայն դրական, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք՝ մեր յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման համար»:
Նախագահները խօսած են նաեւ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքային ծրագիրներուն մասին: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ անոնք տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման կարեւոր բաղադրիչներ են: Կողմերը կարեւոր նկատած են միջազգային հարթակներու վրայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, զգայուն հարցերու առնչութեամբ հաւասարակշռուած եւ կառուցողական դիրքորոշման պահպանումը:
Ընդգծելով, որ հայ-վրացական գործընկերութեան ամրապնդումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է՝ Սերժ Սարգսեան դիտել տուած է, որ վերջին ժամանակաշրջանին արձանագրուած է երկկողմ յարաբերութիւններու սրընթաց զարգացում, նկատելիօրէն աշխուժացած են փոխայցելութիւնները, որոնք քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակի վկայութիւնն են: «2013 թուականին տեղի է ունեցել մէկ վարչապետական եւ 15 նախարարական այցելութիւններ: Ես կարծում եմ՝ սա լաւ քանակ է եւ խօսում է մեր քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակի մասին», նշած է Հայաստանի նախագահը:
Մարկվելաշվիլին կարեւոր նկատած է Վրաստանի մէջ ապրող հայերուն դերը՝ երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Ըստ Վրաստանի նախագահին՝ ասոր լաւագոյն ապացոյցը իր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ազգութեամբ հայ պատգամաւորներուն առկայութիւնն է: «Մենք ընդգծեցինք, որ մենք կը սպասենք Հայաստանի Հանրապետութեան այցելութեան եւ մենք արդէն հրաւիրած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ մենք ունինք միեւնոյն դիրքորոշումը բոլոր հարցերուն նկատմամբ եւ յոյս ունինք, որ բոլոր հարցերը կարգաւորուին այդ մօտեցումներով», յայտնած է Վրաստանի նախագահը։
Սարգսեան վերահաստատած է բարեկամութեան եւ ներդաշնակութեան ոգիով աշխատելու Հայաստանի պատրաստակամութիւնը: Ան նաեւ Վրաստանի նախագահէն խնդրած է իր շնորհակալութիւնը փոխանցել նախկին վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլիին՝ «այն բանի համար, որ նա իր մասնաւոր հիմնադրամից միջոցներ է յատկացրել Թբիլիսիում գտնուող հայկական եկեղեցիներից մէկը վերանորոգելու համար»: