ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
«Սահմանային միացում»ի Փութինի հրապարակած անորոշ ծրագիրը փաստօրէն նորագոյն մարտավարութիւն մըն է, որ կը միտի Արեւմուտքի թափանցումը միանգամընդմիշտ խափանել Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիէն ներս:
Մետասաներորդ պահու յղացուած այդ ծրագիրին միանալու հրաւէր-պարտադրանքը Հայաստանին, թէ՛ ընտրուած ժամկէտով (timing), թէ՛ ձեւով ու խորքով նուաստացուցիչ էր եւ որեւէ կասկած չէր թողուր այն մասին, որ Ռուսիա փոխադարձ շահերու եւ յարգանքի վրայ հաստատուած ռազմավարական գործընկեր երկիր չի սեպեր Հայաստանը, այլ զայն կը նկատէ իրեն ենթակայ պետական միաւոր մը:
Առաջին անգամը չէ, որ Փութին տիրակալի իր դիրքը փաստելու համար երեւոյթներ փրկելու հոգն իսկ չունենար:
Տարիներ տեւող բանակցութիւննե՞ր ընթացած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն սահմանային միացումի համար, համաձայնագիր ստորագրելու թուակա՞ն ճշդուած է, Եւրոպային միանալու հեռանկարով հմայուած ու խանդավա՞ռ են քաղաքացիներն ու ղեկավար շրջանակները՝ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի Ռուսիոյ «ամենազօր» նախագահին համար: Համաձայնագիրի ստորագրութեան նախօրեակին յանկարծ Մոսկուա կը կանչուի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ կը պարտադրուի, որ ի լուր աշխարհին յայտարարէ իր միանձնեայ որոշումը՝ լքելու Եւրոպային հետ գոյացուցած համաձայնութիւնը եւ յարելու Փութինի ծրագիրին:
Թէ այդ ծրագիրը ի՞նչ բովանդակութիւն ունի, որքա՞ն շահաւէտ կամ վնասակար է մասնակցող երկիրներուն համար, թէ՝ գէթ ձեւականօրէն, յաչս հանրութեան պէտք է ուսումնասիրուի, խորհրդակցութեան նիւթ դառնայ, թէ՝… Այդ բոլորը անկարեւոր մանրամասնութիւններ են: Կարեւորը տիրակալին խօսքն է եւ ենթակային համակերպութիւնը: Այսքան պարզ եւ այսքան յստակ:
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, ըսենք նաեւ մեր ըսելիքը:
Քաղաքականութեան մէջ գերակշիռ է, առաջնային ու պարտադիր՝ անվտանգութեան տոքթրինը որեւէ երկրի, մեծ թէ փոքր բոլոր պետութեանց համար:
Հայաստանի նախագահը խոհեմ գտնուեցաւ, նուաստացման գնով, գերադասելու իր երկրին անվտանգութիւնը: Նաեւ խոհեմ շարժուձեւով մը, տեղւոյն վրայ, Մոսկուայի մէջ յայտարարեց իր յարումը Փութինի ծրագիրին, Եւրոպայի ղեկավար եւ այլ շահագրգիռ շրջանակներու մօտ կասկած չձգելով, թէ իր որոշումը ազատ կամքով կատարուած ընտրանք չէ, այլ պարտադրանքի մը ստիպողութիւն:
Կայ նաեւ չոր իրականութիւնը, որ Ռուսիոյ այդ պարտադրանքին դիմաց՝ երկընտրանքի դեդեւում չարտօներ. հակառակ Հայաստանի դէպի Եւրոպա արեւելումին եւ Արեւմուտքին կապած յոյսերուն, հակառակ նաեւ մեծապետական կնքահայրութեամբ անոր ընդունած ազգավնաս ու ամօթալի «բրոթոքոլներուն», փաստօրէն ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ ցարդ՝ Ղարաբաղի խնդիրին կարգաւորման կամ երկրի շրջափակումը վերացնելու տեսակէտէն…
Ի վերջոյ ինչո՞ւ Փութինի զայրոյթը գրգռելու գնով փարած մնալ Արեւմուտքին, երբ ան չկարողացաւ կամ չուզեց սաստել Թուրքիոյ, որ յարգէ միջազգային իրաւունքը եւ վերացնէ շրջափակումը:
Ինչ որ սակայն հեզասահ եղաւ Պութինին համար Հայաստանի պարագային, արիւն հոսեցուց Ուքրանիոյ մէջ, որովհետեւ այդ երկիրը չունի անվտանգութեան հարց այն հրատապութեամբ, զոր մենք ունինք:
Մինչեւ երէկ Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն համար քաղաքական ընտրանք էր Եւրոմիութիւնը: Թափուած արիւնէն եւ Քիեւի աւերածութենէն ետք՝ Ռուսիոյ դէմ ուռճացող ատելութիւնն է, որ պիտի տեւէ երկար ժամանակ:
Ուքրանիոյ դասը պիտի սորուեցնէ՞ արդեօք, որ անկանխատեսելի վտանգներ կը պարունակէ սեփական քմայքի անձնատուր՝ առ ոչինչ համարելը նոյնիսկ փոքր հաւաքականութեան մը զգացումներն ու արժանաւորութիւնը, ուր մնաց երբ կոպիտ արհամարհանքի ենթակուողը հայրենիք մըն է, իր ժողովուրդով:
Աթէնք