1974ին համագաղութային կառոյց դառնալէ ետք, ՀՄԸՄը իր նպատակի թելադրութեամբ իւրաքանչիւր քառամեակի՝ գաղթաշխարհի օտար ափերուն վրայ կազմակերպեց համագաղութային սկաուտական բանակումներ, ապա Հայաստանի մէջ վերընձիւղումով՝ ան դարձաւ համահայկական կառոյց:
ՀՄԸՄը, հաւատարիմ իր կոչումին ու առաքելութեան, 1994էն ի վեր՝ հինգերորդ բանակումէն սկսեալ, համա-ՀՄԸՄական բանակումները կը կազմակերպէ մայր հայրենիքի հողին վրայ՝ ի մի հաւաքելով աշխարհացրիւ ՀՄԸՄի սկաուտները, զանոնք առաւել եւս հաղորդակից դարձնելով մայրենի հողին, պատմութեան, արժէքներուն ու աւանդոյթներուն։
Հայաստանի մէջ կայացած իրերայաջորդ բանակումներուն արձանագրած յաջողութեան շնորհիւ, համա-ՀՄԸՄական բանակումները պարբերաբար արձանագրեցին մասնակցութեան թիւի աճ՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի տրամադրուած հողատարածքը դարձնելով անբաւարար։
Իրերայաջորդ Կեդրոնական վարչութիւններ ակամայ դիմեցին թիւի սահմանափակումի՝ շրջանները մատնելով նեղ կացութեան։
2010-ին՝ 9րդ ընդհանուր բանակումին, բանակավայր այցելեցին փոխվարչապետն ու սփիւռքի նախարարը, որոնց պարզուեցաւ բանակավայրի հողային տարածքը եւ մասնակցողներու թիւը։ Անոնք խոստացան շուտով լուծել հողատարածքի հարցը։ Կարճ ժամանակ ետք խոստումը յարգուեցաւ։
Հողատարածքը բանակատեղիի վերածելու աշխատանքը միութիւնս կը դնէր լուրջ ու նիւթապէս ծանր յանձնառութեան տակ։
10րդ Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը, առաջնահերթ համարելով ընդհանուր բանակումներու իրագործումն ու անոնց յաջողութիւնը եւ շրջաններու պահանջը՝ որոշեց ոչինչ խնայել հողատարածքը բանակատեղիի վերածելու համար, եւ ի վերջոյ իր կատարած բանակցութիւնները դարձան արդիւնաւէտ։
Առ այդ, Կեդրոնական վարչութեանս ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, անցեալ շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հայաստան եւ 21 Փետրուար 2014ին պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ ներկայացնելու համար ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի այժմու բանակավայրի յարմարութիւնները եւ անոր կից տրամադրուած հողաշերտը սարքելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ Սփիւռքէն մեծաթիւ բանակողներ հիւրընկալելու։
Նախագահ Սարգսեան դրական մօտեցում ցուցաբերեց այս ծրագիրներուն նկատմամբ՝ զանոնք նկատելով շինիչ ու կարեւոր, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու՝ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին կողքին։
ՀՄԸՄի սկաուտները միշտ երախտապարտ պիտի մնան իրենց բարերարներուն նկատմամբ։
ՀՄԸՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ