
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս, Սումգայիթի ջարդերու 26րդ տարելիցին առիթով յայտարարութիւն մը կատարած է՝ դատապարտելով քաղաքին հայերը «ահաբեկած վայրագ սպանդերը»:
«Այս ողբերգական տարելիցին առիթով, երբ կը սգանք անմեղ կեանքերու կորսուտը, մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ վերջին բախումներուն եւ ատրպէյճանցի քաղաքական ղեկավարներու կողմէ ատելութիւն հրահրելու փորձերուն: Յոյժ կարեւոր է, որ ատրպէյճանցի ղեկավարները կասեցնեն իրենց հրահրիչ յայտարարութիւնները եւ ամբողջութեամբ նուիրուին տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու աշխատանքին», աւելցուցած է Ռոյս: