
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Սատար կանգնիլ Արցախի Հանրապետութեան կը նշանակէ՝ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութեան ամրակայման», այս մասին գրած են Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի հիմնադիր անդամներ եւ ֆրանսացի երեսփոխաններ Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ռընէ Ռուքէ եւ Կի Թեսիէ «Լը Մոնտ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ:
Անոնք շեշտած են, թէ միջազգային համայնքը պէտք է անյապաղ ճանաչում շնորհէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի. «Ներկայ պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը զրկուած են բնականոն եւ խաղաղ զարգացման հեռանկարներէ: Պէտք է ձեռք բերել խաղաղութիւնը՝ ճանչնալով փաստերու իրողութիւնը եւ գիտակցուած կերպով ու կամովին՝ ձեռնարկել թափանցիկ երկխօսութեան, որուն վերջնական հեռանկարը պիտի ըլլայ գործուած սխալներու սրբագրումը: Բայց անոր համար անհրաժեշտ է, որ բազմակարծութեան եւ ընդհանուր առմամբ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւնը իրական ըլլայ երկխօսութեան կողմ հանդիսացող իւրաքանչիւր պետութեան մէջ»:
Անոնք նաեւ կը նշեն, թէ ինչպէս բոլոր Ղարաբաղ այցելածները, իրենք եւս «անցանկալի անձ» յայտարարուած են ատրպէյճանական իշխանութեանց կողմէ՝ նման որակումներ «զաւեշտալի եւ ապակառուցողական գործելաոճ» նկատելով:
«Խաղաղութեան ձեռքբերում պիտի կատարուի անցեալի վէրքերու բուժումով: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը յայտնի է ոճրագործութիւններով, որոնց վրայ անհրաժեշտ է լոյս սփռել: Անոնց զոհ գացած են հայեր՝ Սումգայիթի, Կիրովաբադի կամ Մարաղայի մէջ, եւ մեսխեթցիներ՝ Խոջալուի մէջ: 1988 Փետրուար 27ի Սումգայիթի ջարդերը, որոնց զոհ գացին հարիւրաւոր մարդիկ, հանդիսացան հակամարտութեան դրդապատճառ», գրած են անոնք՝ եզրակացնելով. «Յոյս ունինք, որ այս կոչը, որ մեր սեփական մօտեցումն է, արձագանգ կը գտնէ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան մօտ, եւ հոն ի յայտ կու գան նոր ուժեր, որոնք ի զօրու են հրաժարելու ատելութեան քարոզչութենէն եւ նայելու ապագային: Եթէ այդ ուժերը ի յայտ գան, եթէ ծնին երկխօսութեան եւ շփումներու նախաձեռնութիւններ, ապա անոնք կրնան վստահ ըլլալ, որ մեր համեստ շրջանակը կ՛ըլլայ իրենց յենարանը եւ աջակիցը»: