
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 27 Փետրուարին Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցած է Աֆղանիստանի մէջ ընթացող ՆԱԹՕի ղեկավարած առաքելութեան մասնակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու եւ Եւրատլանտեան գործընկերութեան խորհուրդի պաշտպանական կարողութիւններու զարգացման ու ելեկտրոնային անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած նիստերուն:
Նիստերուն ընթացքին քննարկուած են 2014 թուականին աւարտող Համաշխարհային ապահովութեան օժանդակ ուժերու առաքելութեան եւ 2015 թուականէն նախատեսուող ՆԱԹՕի նոր նախաձեռնութիւններուն առնչուող հարցեր:
Պելճիքա տուած իր այցելութեան ծիրին մէջ 26 Փետրուարին Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ՝ ի յիշատակ Սումգայիթի ոճրագործութեան զոհերուն կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ: