ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը պիտի համագործակցի տարածքային կառավարման նախարարութեան հետ: 25 Փետրուարին այս համաձայնութիւնը գոյացած է տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի եւ հիմնադրամի հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ Կարօ Արմէնի միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին:
Տարածքային կառավարման նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն՝ Արմէն Գէորգեան բարձր գնահատած է հիմնադրամին կողմէ համայնքներուն մէջ առաջնահերթ նկատուող խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները: Հիմնադրամը ներկայիս զարգացման ծրագիրներ կը կատարէ Արմաւիրի եւ Արագածոտնի մարզերու Բաղրամեանի եւ Թալինի տարածաշրջաններու 15 գիւղական համայնքներու մէջ:
Փոխվարչապետը տեղեկութիւններ ներկայացուցած է վերջին տարիներուն կառավարութեան կողմէ մարզերուն մէջ իրականացուող ծրագիրներուն մասին, մասնաւորապէս նշելով, որ մարզերուն մէջ առաջնահերթ խնդիրներու լուծման նպատակով 2011-2013ին լրացուցիչ 41.3 միլիառ դրամ յատկացուած է չորս հրատապ ծրագիրներու իրականացման համար՝ դիտել տալով, որ ներկայիս կը նախապատրաստուին հինգերորդ ծրագիրին: «Կառավարութիւնը քայլեր է ձեռնարկում Հայաստանի սոցիալական ներդրումների հիմնադրամը որպէս տարածքային զարգացման հիմնադրամ վերակազմակերպելու ուղղութեամբ եւ, ակնկալւում է, որ նոր հիմնադրամը կարեւոր դեր կ՛ունենայ համայնքների զարգացմանը նպաստելու աշխատանքներում», նշած է ան:
Փոխվարչապետը յայտնած է, որ կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ նաեւ սահմանամերձ համայնքներուն մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացումը, եւ յառաջիկայ տարիներուն մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ նշեալ համայնքներուն դիմագրաւած խնդիրներու լուծման:
Կարօ Արմէն իր կարգին ընդգծած է համայնքներուն մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացումը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ շրջաններուն ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւելու եւ բարձրացնելու բնակչութեան կենսամակարդակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.