ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Մարտ 1ի գլխաւոր իրադարձութիւնը Ազատութեան հրապարակին վրայ Հայ Ազգային Կոնգրեսի եւ Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան կազմակերպած հանրահաւաքն է: Կ՛ակնկալուի, որ հանրահաւաքին մասնակցին շարք մը կուսակցութիւններու եւ ուժերու ներկայացուցիչներ, Ազատութեան հրապարակ երթալու մտադրութեան մասին յայտարարեց նաեւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանը: Հանրահաւաքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Ուրիխանեան ըսած է, որ իրենք հոն են, ուր կայ ժողովուրդ, ուստի 1 Մարտի հանրահաւաքը բացառութիւն չէ:
1 Մարտին ժամը 1ին (Երեւանի ժամով) Սարեանի արձանին մօտ պիտի հաւաքուին Ղարաբաղեան պատերազմի մասնակիցները, որոնք աւելի ուշ պիտի միանան Ազատութեան հրապարակի հանրահաւաքին: ՀԱԿի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ հանրահաւաքը բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մասէ, որմէ ետք պիտի կայանայ երթ։ «Առաջին մասը, բնականաբար, յարգանքի տուրք է զոհուածներին, երկրորդ մասով բարձրացուելու են այն բոլոր խնդիրները, որ այսօր Հայաստանում առկայ են: Եւ վերջում կը լինի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ծրագրային ելոյթը, որտեղ, կարծում եմ, կը լինեն նաեւ առաջարկներ, լուծումներ այս վիճակից դուրս գալու համար», ըսած է Մանուկեան:
1 Մարտին բողոքի երթ կայացնել կը նախատեսեն նաեւ շարք մը քաղաքացիական նախաձեռնութիւններ: Կէսօրին, Մեասնիկեանի արձանին մօտէն մեկնարկող երթով գործիչներ պիտի ուղղուին նախագահական նստավայր՝ պահանջելով 2008ի Մարտ 1ի դէպքերու քննութիւն եւ բացայայտում: Երեկոյեան Մեասնիկեանի արձանին մօտ պիտի ըլլային նաեւ Նիկոլ Փաշինեան եւ Սասուն Միքայէլեան, սակայն Փաշինեան անակնկալ անհանգստացած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց։ Հակառակ Փաշինեանի անհանգստութեան, ծրագիրը պիտի կատարուի։ Փաշինեանի փոխարէն Սասուն Միքայէլեանին պիտի ընկերակցի անոր որդին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.