
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»-«Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտ քաղաքին մէջ եւ շրջանի գիւղական համայնքներուն մէջ Սումգայիթեան զոհերու յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ կատարուեցան։
Շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ, Սումգայիթեան ջարդերուն զոհերուն յիշատակը Մարտակերտի մէջ յարգած են վարչակազմի աշխատակազմի, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու եւ ուժային կառոյցներու աշխատողները, քաղաքի հանրակրթական դպրոցների ուսուցիչներն ու աշակերտները, պաշտպանութեան բանակի տեղւոյն զօրամասերու սպայակազմն ու քաղաքացիներ: Անոնք ծաղիկներ զետեղած են Մարտակերտի մէջ Սումգայիթեան ջարդերու զոհերուն յիշատակին կառուցուած յուշակոթողին առջեւ։
Մարտակերտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցու քահանայ Բարսեղ Անդրեանը հոգեհանգստեան կարգ կատարած է՝ անմեղ զոհերու հոգիի խաղաղութեան համար: