
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, Մարտ 10ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի ունենալիք դասախօսական ձեռնարկի մը ընթացքին, դոկտ. Վահագն Պօղոսեան պիտի խօսի արդի արհեստագիտութեան եւ հաղորդակցութեան մարզին մէջ Հայաստանի յուսադրիչ իրագորումներուն մասին: Պօղոսեան Հայաստանի «Ինսթիկէյթ Տիզայն» ընկերութեան արհեստագիտական հարցերու գլխաւոր պաշտօնատարն է: 2001-2006 տարիներուն, ան արհեստագիտական զանազան ընկերութեանց մէջ աշխատած է Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտի շրջանէն ներս ու շարք մը ծրագիրներ իարկանացուցած է Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ մէջ:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: