ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, Փետրուար 23ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին եւ փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը:
Սրբազանին տնօրինումով եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան խնդրանքով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ՀՕՄի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին նաեւ յիշատակուեցան տեղակալ Գուրգէն Մարգարեան, իր սպանութեան տասներորդ տարելիցին առթիւ, ինչպէս նաեւ Սումգայիթի, Պաքուի ու Մարակայի ջարդերուն զոհուած հոգիներու յիշատակին:
Առաջնորդը իր քարոզի սկզբնաւորութեան անդրադարձաւ այս յուզիչ դէպքերուն եւ դրուատեց առաքելութիւնը ՀՕՄին, որպէս ամէնէն գործունեայ եւ կարեւոր միութիւններէն մէկը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նաեւ բարձր գնահատեց աշխարհի զանազան երկիրներու տարածքին միութեան ընկերային, դաստիարակչական, առողջապահական եւ մշակութային աշխատանքը:
«Այսօր, մենք կը յիշատակենք ՀՕՄի բոլոր ննջեցեալ ծառայողներն ու բարերարները, որոնք իրենց ծառայութեան եւ օժանդակութեան միջոցաւ սատար հանդիսացած են ՀՕՄի առաքելութեան իրագործման: Մենք նաեւ կը յիշենք տեղակալ Գուրգէն Մարգարեանը, որ դաժանօրէն սպաննուած էր՝ պարզապէս հայ ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ Սումգայիթի, Պաքուի, Մարակայի եւ ուրիշ այլ ջարդերու զոհերը, որոնք նահատակուած են իրենց ցեղային պատկանելիութեան պատճառով: Թող Աստուած խաղաղութիւն շնորհէ իրենց հոգիներուն եւ իրենց յիշատակը մշտապէս օրհնեալ ըլլայ», ըսաւ ան:
Ապա առաջնորդը փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան նաեւ խօսեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց տօներուն մասին՝ ոգեկոչելով իրենց անխափան հաւատքը, քաջութիւնը, նուիրումը, հայրենասիրութիւնը, Աստուծոյ եւ հայրենիքի համար նահատակութիւնը, հայ ինքնութեան պաշտպանութիւնը եւ կրօնքի ազատութեան ի խնդիր մղած իրենց պայքարը:
Յաւարտ Ս. պատարագի, սրբազան հայրը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յիշեց նաեւ նոր հանգուցեալ բարերարուհի Էլընոր Տիգրանեանը եւ հոգւոյն հանգստեան համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած: Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանը, յանուն թեմին, անձամբ ցաւակցութիւն յայտնեց բարերարուհիի դստեր՝ Լորըլ Գարապեանին, եւ ընտանիքի անդամներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.