
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արեւմտեան թեմին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Վարդանանց տօնը: Հինգշաբթի, Փետրուար 27ի երեկոյեան ժամը 7ին, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց զօրավարներու նահատակութեան յիշատակութիւնը:
Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Պօղոս աբղ. Թինքճեանը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Վարդանանց պատմութեան եւ իր քարոզի աւարտին ներկայ հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց ձուլման եւ կրօնափոխութեան վտանգներուն դէմ դնելու՝ Վարդանանց օրինակով: Ան շեշտեց, թէ Վարդանի արեամբ պահպանուած եկեղեցին դարեր շարունակ հայրենիքէն դուրս հայրենիք դարձած է մեզի համար եւ մենք՝ իւրաքանչիւրս, մեր կարգին պէտք է եկեղեցւոյ համար վարդաններ դառնանք, իբրեւ պաշտպաններ մեր հաւատքին, ինքնութեան եւ արժանիքներուն:
Նախքան քարոզը, ներկայ հոգեւորականները երգեցին «Նորահրաշ» շարականը, որուն յաջորդեց առաջնորդին «Քրիստոս Աստուած Մեր» մաղթանքի երգեցողութիւնը: Պատարագի աւարտին, բոլոր հոգեւորականները, առաջնորդին գլխաւորութեամբ եւ ներկայ հաւատացեալներուն ընկերակցութեամբ, երգեցին Վարդանաշունչ երգեր:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան կողմէ հիւրասիրութիւն մը պատրաստուած էր՝ ի