
Բաւական բարդ է եւ միաժամանակ դժուար ու անշնորհակալ գործ՝ իրատեսական կանխատեսումներ կատարելը Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին անմիջական եւ հեռակայ հետեւանքներուն մասին: Գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնման եւ փոքրացման միտումներ, պաղ պատերազմի 21րդ դարու տարբերակ, սահմաններու վերաքարտէսագրումներ եւ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու բախումներ՝ գետինի վրայ:
Այս բոլոր գործընթացները խորապէս փոխկապակցուած են իրարու իբրեւ քաղաքական տրամաբանութիւն ու մեկնաբանութիւն, եւ իբրեւ աշխարհաքաղաքական ուժերու կողմէ իրականացուող քաղաքականութեան տարբեր շղթաներ, երբեմն ագուցուած, երբեմն հակոտնեայ կարգով զիրար հակակշռող:
16 Մարտը սարերու ետեւը չէ: Աշխարհը ականատես պիտի դառնայ ինքնորոշուող Խրիմին, որ իր խորհրդարանի միաձայն որոշումին ընդառաջ պիտի քուէարկէ Ռուսիոյ Դաշնութեան միանալու որոշումին: Այստեղ է ճիշդ, որ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած Խրիմը պիտի շարունակէ իր վրայ պահուած պահել հայկական լուսարձակները, ակնդէտ հետեւելու ինքնորոշուող տարածքի մը առաջադրած կարգավիճակին միջազգային ընտանիքին կողմէ (ան)ընդունելիութեան տարբեր հակազդեցութիւններուն եւ հանգրուաններուն վրայ:
Միջազգային ընտանիքի ընկալելիութեան նախադէպայնութիւնը՝ Արեւելեան Թիմուրի, Հարաւային Սուտանի, Քոսովոյի, Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ դէպի այդ առաջադրանքին ընդառաջ Սկովտիոյ պարագաներուն, աւելիով կը համոզէ ոչ թէ միջազգային սկզբունքի համատարած եւ պարտադիր կիրարկելիութեան մասին, այլ շահերու համընկման եւ բախման կէտերուն ճիշդ պահուն տրուած եւ ընդունուած որոշումներուն մասին: Ճանաչում ճանաչումի դիմաց խաղը լաւագոյնս կը բնորոշուի Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա ընդդէմ Քոսովօ քաղաքական մրցախաղին ընդմէջէն:
Ինքնորոշման իրաւունքը այժմ ազգերու իրաւունքի տեսքով խորքին մէջ քաղաքական տուեալ պահու օգտագործուող խաղաթուղթ է: Խրիմի խորհրդարանը Կորպաչովէն մինչեւ Փութինի երկրորդ պաշտօնավարութիւն պիտի չսպասէր ինքնորոշուելու համար: Այստեղ անշուշտ հարցը ոչ թէ անկախացման կամ միացման առաջադրանքին կը վերաբերի, այլ ուղղակի՝ ինքնորոշման սկզբունքի կիրարկման:
Եւ քանի որ քաղաքական պահը օգտագործելու միջազգային փորձի եւ օրինաչափութեան մասին է խօսքը, փորձենք կեդրոնանալ հայկական կողմին համար օգտագործելի թեմայի վրայ:
Արցախեան հիմնախնդիրին ուղղութեամբ անվերջ բանակցային գործընթացին փորձ կը կատարուի միջազգային երկու սկզբունք՝ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը համատեղելը: Արցախեան հակամարտութեան միջնորդական առաքելութիւնը ստանձնած համանախագահներէն ոչ մէկը մինչեւ հիմա մէկ սկզբունքը փորձած էր գերադասել միւսէն:
Այս զգուշաւորութիւնը միայն համանախագահներուն մօտ չէր նկատուած: Խրիմի հարցով շահագրգռուած եւ տեղւոյն թաթար ազգաբնակչութեան տիրութիւն ընելու կարգախօսով ազդեցութեան գօտի գրաւելու յստակ քաղաքականութեամբ հանդէս եկող Անգարան նոյնիսկ Պաքուին հաշուարկը կատարելով չի բարձրաձայներ Խրիմի ինքնորոշման մասին:
Ճիշդ է, որ համաարեւմտեան համազարկ բացուած է Մոսկուան մեկուսացնելու նպատակով: Նոյնքան ճիշդ է, որ Մոսկուային (եւ ոչ միայն Մոսկուային) համար միջազգային որեւէ սկզբունք նպատակայարմար պահու օգտագործելի խաղաթուղթ է: Միաժամանակ ճիշդ է նաեւ այն, որ առաջին անգամ ըլլալով արցախեան հակամարտութեան միջնորդութիւնը ստանձնած համանախագահող երկրի մը բարձրագոյն ղեկավարը ինքնորոշման իրաւունքը կը նկատէ համահունչ եւ իրաւաչափ միջազգային օրէնքին նկատմամբ: Եռանախագահող երկիրներէն միւս երկուքը իրենց մօտեցումները համապատասխանեցնելու խնդիր ունին այս ձեւով: Թէեւ իւրաքանչիւր պարագայ անշուշտ ունի իր առանձնայատկութիւնները: Նախ այն առումով, որ իսկապէս արցախեան ինքնորոշումը անխոցելի է, թէ՛ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն եւ թէ օրին Խորհրդային Միութեան օրէնքներու առումով: Խրիմը այս պարագային ունի իր խոցելի կողմերը նախապէս կնքուած համաձայնագիրներու եւ Ուքրանիոյ սահմանադրութեան պահանջներու տեսանկիւնէն:
Այս բոլորով հանդերձ, թէ՛ Խրիմի եւ ընդհանրապէս Ուքրանիոյ հայ համայնքի անվտանգութեան հարցը եւ թէ ընդհանրապէս Արեւմուտք-Ռուսիա բախումներուն չներքաշուելու մօտեցումը յանգեցուցած են պաշտօնական Երեւանի զգուշաւոր կեցուածքին:
«ԱԶԴԱԿ»