
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ.» – , «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ բանակցութիւնները կը հաստատեն, որ Երեւան կը ձգտի ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ուղիով կարգաւորել», Չորեքշաբթի, Մարտ 12ին, «Թուիթըր»ի վրայ գրած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք, աւելցնելով, թէ համանախագահները կը շարունակեն փնտռել երկխօսութեան տարբերակներ:
Նշենք, որ Մարտ 11ին կայացած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի հանդիպումը համանախագահներուն հետ, որոնք նախարարին ներկայացուցած էին Մարտ 10ին, Փարիզի մէջ կայացած իրենց ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ կայացած հանդիպման արդիւնքները: