ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ հրատարակչական հրապարակին վրայ վերջերս իրերայաջորդ կերպով կը տպուին գիրքեր, որոնք այս կամ այն տեսանկիւնէն կ՛անդրադառնան Հայկական Ցեղասպանութեան։ Նորագոյն երկու գիրքերը կու գան «Փենճերէ» հրատարակչատունէն։ Այս հրատարակչատունը իր հարուստ հրատարակութիւններուն մէջ Հայկական Հարցին կամ հայ հեղինակներու գործերուն եւս տեղ տուած է։ Օրինակ՝ հրատարակած է այժմ քանատաբնակ Յակոբ Խաչիկեանի նշանաւոր «Արեւը Այդ Ամառ Բնաւ Չծագեցաւ» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնը։
Երկու նոր գիրքերէն առաջինը Արշալոյս Մարտիկանեանի «Բզկտուած Հայաստան» («Ravished Armenia») գիրքն է, որ կը ներկայացուի «Հայերու Ժան Տ՛Արքը» ենթախորագիրով։ Տիրան Լոքմակէօզեանի թարգմանութեամբ հրատարակուած այս գիրքը ականատեսի վկայութիւններ կը բերէ 1915ի ողբերգութենէն։ 1918ին գրուած այս գիրքին սկիզբը Մարտիկանեան գրած է, թէ այս գիրքը կը նուիրէ ամերիկացի ժողովուրդին, որպէսզի ան տեսնէ, թէ իրենց հաւատքին հաւատարիմ մնացած հայեր ի՛նչ չարչարանքներու ենթարկուեցան։ Հեղինակը ականատես դարձած է իր մօր եւ հօր մահուան՝ չարչարանքներու տակ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր մայրերու եւ աղջիկներու ստրկութեան, որովհետեւ անոնք չէին ուզած ուրանալ իրենց կրօնքը։ Այս ցնցիչ տողերով կը բացուի սոյն թարգմանութիւնը, որ իր 220 էջերուն մէջ կը խօսի հեղինակին ապրած դժուարութեանց մասին: Գիրքի կողքին վրայ գրուած է, որ այս վէպը ժապաւէնի վերածուած է օրին, բայց այդ ժապաւէնը խորհրդաւոր կերպով անհետացած է եւ անկէ միայն մաս կը գտնուած է վերջերս:
«Փենճերէ» հրատարակչատան երկրորդ գիրքն է Այտա Գույումճեանի «Երկու Գետերու Միջեւ» վէպը, որ կը ներկայացուի որպէս «Հայկական Ցեղասպանութեան Պատմութիւն Մը»: Հոս եւս աւելի քան 300 էջերու վրայ կը պատմուին այն տխուր պատմութիւնները, որոնք կը ցոլացնեն այն, ինչ հայ ժողովուրդը չէ կրցած մոռնալ, երբե՛ք։ Այս կերպով թուրք ընթերցողները կ՛իմանան, թէ 1915ի կոտորածներուն մասին միայն պատմաբանները չէ որ անհամար գիրքեր գրի առած են, այլ այս փոթորիկէն վերապրած, բայց իրենց մերձաւորներուն ճակատագիրը տեսած բազմաթիւ անհատներ եւս գրի առած են իրենց անձնական յուշերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.