ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները Չորեքշաբթի, Մարտ 12ին Ռուսիոյ կոչ ուղղեցին Խրիմը իրեն կցելու բոլոր ջանքերը դադրեցնելու՝ յայտնելով, որ եթէ Ռուսիա այդպիսի քայլ մը առնէ, ապա իրենք «առանձնաբար եւ հաւաքաբար յաւելեալ քայլեր պիտի որդեգրեն»: Եօթներու խմբակի ղեկավարները նաեւ ընդգծեցին, որ իրենք Մարտ 16ին նախատեսուած Խրիմի հանրաքուէին արդիւնքները պիտի չճանչնան:
Նշենք, որ Եօթներու խմբակի անդամ են Բրիտանիան, Քանատան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը եւ Միացեալ Նահանգները:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ ազգային ապահովութեան ղեկավար Անտրէյ Փարուպիյ զգուշացուց, որ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ ռուսական մեծաթիւ զօրքեր կուտակուած են: «Ռուսական բանակը Քիեւէն միայն 2-3 ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը դիրքաւորուած են որեւէ ուղղութենէ եկող յարձակում մը ետ մղելու համար:
Նշեք, որ Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժերը Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածին վրայ միացեալ ռազմափորձերու սկսած են այս շաբաթ. այդ ռազմափորձերը նախապէս յետաձգուած էին: Ամերիկեան կողմը ընդգծած է, որ ամերիկեան «Թրաքսթըն» մարտանաւի ներկայութիւնը Սեւ ծովուն վրայ որեւէ կապ չունի Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամին հետ:
«ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ իր երկրի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած է. «Պատշաճ պատասխան պիտի տանք ՆԱԹՕի ուժերուն կողմէ երկրի սահմաններուն մօտ կուտակուելու քայլին»՝ աւելցնելով. «Ռուսիոյ պիտի առաջարկենք յաւելեալ 15 օդանաւ տեղակայել երկիրին մէջ»:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ նոր իշխանութեան վարչապետ Արսէնի Եացենիուք Չորեքշաբթի յետմիջօրէին Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, որ իր կարգին խոստացած էր նեցուկ կանգնիլ Ուքրանիոյ ժողովուրդին եւ կոչ ըրած էր Ռուսիոյ, որ ետ կանգնի Խիրիմը Ռուսիոյ կցելու ջանքերէն:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐ
ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ԽՐԻՄԷՆ
Վերջին քանի մը օրերուն, Խրիմ բնակող ատրպէյճանցիները զանգուածաբար կը լքեն ինքնավար հանրապետութեան տարածքը: Խրիմի ատրպէյճանցիներու միութեան նախագահ Ռահիմ Կումպաթով յայտարարած է, որ ներկայիս Խրիմի մէջ լարուածութիւնը բաւական բարձր է, եւ որեւէ պահու՝ զինեալ տագնապ մը կրնայ սկսիլ: Ան նշած է, որ ատրպէյճանցիներուն խորհուրդ կը տրուի հեռանալ Խրիմէն, եւ այդ հեռացումը դիւրացնելու նպատակով՝ համապատասխան պայմաններ կը ստեղծուին: