Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը սոյն ամսուան ընթացքին հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած՝ Լիբանանի հայկական վարժարաններու նախակրթարանի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:
Սոյն աշխատութիւնը հրապարակուեցաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած «Հայ Մանկավարժ» հանդէսի 6րդ համարին մէջ: Ծրագիրին հեղինակն է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսէօր, դոկտ. Ճուլիէթա Կիւլամիրեան, աշխատակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախակրթարանի ուսուցչական աշխատանքային խմբակին, որ յառաջացուած էր յատուկ այս նպատակով:
Լիբանանի հայկական վարժարաններու նախակրթարանի Ա.էն Դ. դասարաններուն մէջ կիրարկումի համար առաջարկուած, 124 էջ ծաւալով այս ծրագիրը կը ներառէ այն խնդիրները, որոնք նախատեսուած են նշուած դասարաններուն մէջ հայոց լեզուի դասերուն ընթացքին իրականացնելու համար:
Հայոց լեզուի ուսուցման՝ ինչպէս մանկապարտէզի, նոյնպէս եւ նախակրթարանի ծրագիրի իրականացումը վայելեց բարձր հովանաւորութիւնը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.