
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին խումբ մը մասնագէտներ եւ վերլուծաբաններ հրաւիրած էր Երեւան քննարկելու Սփիւռքի փոփոխուող դերը հայրենիքի նկատմամբ: «Յարափոփոխ աշխարհ, փոփոխուող Սփիւռք» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկման մասնակիցները եկած էին՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Արժանթինէն, Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Լիբանանէն եւ Հայաստանէն:
Քննարկումը նուիրուած էր Սփիւռքի կազմութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեան կատարելագործման, աշխատանքի նոր ձեւերու եւ միջոցներու փնտռտուքին ու հեռանկարներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ հատուածներ հանդիպման ժամանակ ունեցած իմ ելոյթէս.
Հայաստանի անկախացումէն ետք Սփիւռքը կանգնեցաւ բոլորովին նոր կացութեան մը առջեւ: Շատ մը սփիւռքահայեր անակնկալի եկան ազատ Հայաստանի վաղեմի բաղձալի երազանքի յանկարծակի իրականացումէն: Նոր բառեր յայտնուեցան անոնց բառապաշարին մէջ. Արցախ, երկրաշարժ, շրջափակում, արձանագրութիւն, ընդդիմութիւն, համաձայնական կառավարութիւն, իշխանափոխութիւն:
Սփիւռքահայերու մեծ մասին համար շատ դժուար էր տարանջատել անհատի, համայնքի կամ կազմակերպութեան գործողութիւնները պետութեան իրաւասութիւններէն եւ պարտաւորութիւններէն: Միաժամանակ, Հայաստանի նոր ղեկավարները լիովին չըմբռնեցին սփիւռքահայերու հայրենասիրական զգացումները, փափաքներն ու իղձերը, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք՝ անախորժ խրամատ յառաջացաւ երկու կողմերուն միջեւ:
Հարցը աւելի բարդ է, քանի որ Սփիւռքը միաձոյլ գոյութիւն չէ, այլ կազմուած է բազմաթիւ եւ բազմատեսակ սփիւռքներէ, իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնները՝ հաստատուելով եւ ապրելով տարբեր ժամանակաշրջաններու, օտար երկիրներու մէջ եւ գոյատեւելով տարբեր լեզուամշակութային ազդեցութիւններու տակ:
Երբ Հայաստանի մէջ լրագրողները ինծի կը հարցնեն այս կամ այն հարցին վերաբերեալ սփիւռքի տեսակէտներուն մասին, ես կը դժուարանամ պատասխանել: Ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ մէկը ընդհանրական ներկայացնել եօթը միլիոն սփիւռքահայերու բազմաբնոյթ տեսակէտները: Սփիւռքի մեծամասնութեան կարծիքը արտացոլացնելու համար պէտք է կազմակերպել համահայկական կառոյց մը կամ ընդլայնել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործառոյթները հանգանակութենէն անդին կամ ալ ստեղծել բոլորովին նոր կառոյց մը, որ ներկայացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս ամբողջ աշխարհի հայութիւնը՝ «Մէկ հայ, մէկ քուէ» սկզբունքի հիման վրայ: Այս ձեւով ընտրուած ներկայացուցիչները իրաւասու կ՛ըլլան խօսելու սփիւռքահայերուն անունով եւ պարբերաբար հանդիպումներ ունենալու Հայաստանի ու Արցախի ղեկավարութիւններուն հետ՝ ճշդելու համազգային առաջնահերթութիւնները եւ խորհրդակցելու խնդրայարոյց հարցերու շուրջ:
Հայ ժողովուրդի բոլոր երեք թեւերու (Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք) ղեկավարները կրնան այնուհետեւ քննարկել իրենց դիրքորոշումները եւ համաձայնիլ դերերու բաժանումին շուրջ: Այսպիսի քաղաքակիրթ եւ ազգային շահերէ բխող մօտեցումը նախընտրելի է, քան՝ յարատեւ ներքին պայքարներն ու բախումները, որոնք երբեմն տեղ կը գտնեն, ինչպէս եղաւ Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան ատեն:
Նախընտրելի է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի նրբանկատ ըլլան սփիւռքահայերը յուզող կարեւոր հարցերու նկատմամբ եւ խորհրդակցին անոնց հետ նախքան այդ հարցերուն շուրջ վերջնական որոշումներ կայացնելը:
Հասկնալի է անշուշտ, որ Հայաստանի ղեկավարները պարտաւոր չեն ընդունիլ երկրի սահմաններէն դուրս գտնուող ոեւէ մէկուն հրահանգները: Բոլոր հարցերուն շուրջ վերջնական որոշում կայացնելու ատեն, այնուամենայնիւ՝ անոնք բարոյական եւ ազգային պարտաւորութիւն ունին՝ նկատի ունենալու սփիւռքահայ գլխաւոր կազմակերպութիւններու դիրքորոշումը՝ Սփիւռքի ընտրովի կառոյցի բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Ամէն պարագայի, Հայաստանի իշխանութիւնները պատասխանատու են ազգին առջեւ իրենց տուած որոշումներուն համար: Անոնք կը գնահատուին, երբ ճիշդ որոշումներ կը կայացնեն եւ կը քննադատուին սխալներ գործելու պարագային:
Պէտք է նշել, որ Սփիւռքի ընտրովի կառոյցի ստեղծումը թէեւ խիստ դժուար իրագործելի է, սակայն շատ աւելի ընդգրկուն եւ ներկայացուցչական է, քան՝ նշանակովի մարմինները կամ կազմակերպութիւնները, հակառակ անոնց ազգանուէր աշխատանքին, զոր կը ներկայացնեն սոսկ իրենց անդամներուն: Անհրաժեշտ է ներգրաւել մեր ժողովուրդի լայն խաւերը, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ դառնան մեր ազգային աշխատանքները, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կը կազմակերպեն իրենց սփիւռքները եւ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն խոչընդոտելու համար մեր արդար պահանջները Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին:
Ինչպէս յաճախ կը սիրենք կրկնել՝ «Ատրպէյճանը քարիւղ ունի, Վրաստանը՝ ծով, իսկ Հայաստանը՝ Սփիւռք»: Սակայն, անկազմակերպ եւ հետզհետէ հիւծուող Սփիւռքը շատ քիչ արժէք կը ներկայացնէ մեր ազգային հարցերուն մէջ, ո՛չ կրնայ ինքն իրեն պահել եւ գոյատեւել, ո՛չ ալ օգտակար ըլլալ հայրենիքին:
Բոլորս պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընենք, որպէսզի հզօր հայրենիք եւ ուժեղ Սփիւռք ունենանք: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին գոյութիւնը ու գոյատեւումը կախեալ է միւսին կենսունակութենէն: Հակառակ սփիւռքի նախարարութեան արդիւնաւէտութեան՝ պէտք է գիտակցինք, որ անհրաժեշտ աշխատանքը այնքան վիթխարի է, որ անիկա դուրս կու գայ մէկ նախարարութեան կարողութիւններու ծիրէն: Խիստ պահանջ կայ Հայաստանի ամբողջ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար, որպէսզի սփիւռքահայերը զգան հայրենիքի հետաքրքրութիւնը եւ հոգատարութիւնը իրենց հանդէպ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը