


ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ուրբաթ, Մարտ 7ին, Կանանց համաշխարհային աղօթքի օրը նշուեցաւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ հայ եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց։
Այս տարի, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի համալիրին մէջ, հիւրընկալութեամբ տաճարի տիկնանց միութեան։ Այս տարուան բնաբանն էր՝ «Գետակներ անապատին մէջ»։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները։ Սրբազանին կ՛ընկերանային Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներէն հոգեւոր հայրեր։
Բացման աղօթք եւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որուն յաջորդեց աղօթքներու, շարականներու, Աւետարանի հատուածներու ընթերցումներու, պատգամներու եւ խորհրդակցութեանց յայտագիր մը։
Աւարտին, առաջնորդը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ աղօթքի ու պաշտամունքի սոյն հաւաքին համար։ Անդրադառնալով օրուան թեմային՝ սրբազանը շեշտեց, թէ այնպէս, ինչպէս ջուրը էական է մեր մարմիններուն համար, նոյնպէս Յիսուս կենարար ջուրը կենսական է մեր հոգիներուն համար: Այնուհետեւ, առաջնորդը հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց բաժնեկցելու Աստուծոյ փրկութեան խոստումին աւետիսը՝ թոյլ տալով, որ կենարար ջուրի աղբիւրներ հոսին մեր մէջէն, ներշնչելով մեր նմանները եւ մանաւանդ երիտասարդ սերունդը։
Օրուան պաշտամունքը եւ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ առաջնորդին օրհնութեամբ։ Աղօթքի արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։