Երեք տարիներ առաջ, Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ, շուրջ քսան անդամներով հիմը դրուեցաւ ՀՕՄի «Լոռի» մասնաճիւղին, որ շրջանի ծաղկող հայկական գաղութին առընթեր, աշխոյժ գործունէութիւն ցուցաբերելով՝ առաւել ուռճացաւ եւ բազմապատկեց իր շարքերը:
Երիտասարդ հայուհիներու այս խումբը, միշտ հաւատարիմ մնալով Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան՝ լաւապէս կազմաւորուեցաւ եւ նախաձեռնեց իր Շաբաթօրեայ վարժարանի բացումին, որպէսզի շրջանի պատանիներուն հայեցի դաստիարակութիւն տայ, անոնց սորվեցնէ հայոց լեզուն, հայոց պատմութիւնը եւ հայկական մշակոյթին առնչուող հետաքրքրական նիւթեր: Եւ յաջողեցա՛ւ:
Այսօր, մասնաճիւղը իր աշխոյժ գործունէութեամբ եւ յաջող ձեռնարկներով արդէն իսկ տիրական ներկայութիւն դարձած է շրջանէն ներս: Մասնաճիւղի վերջին ձեռնարկը թէյասեղան մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Փետրուար 2014ին, կէսօրուան ժամը 11ին, Հիւսիսային Հովիտի Հայ կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 100 ՀՕՄականներ եւ համակիրներ, որոնց կարգին ակնյայտ էին շրջանի ՀՕՄի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները: Շրջանային վարչութենէն ներկայ էին ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանն ու մասնաճիւղի մօտ Շրջանային վարչութեան կապ Մարալ Մաթոսեանը:
Բարի գալուստի քաղցր խօսքերով ներկաները ողջունեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Արշօ Աւագեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց քաջալերական մասնակցութեան համար, ապա հպարտանքով ընդգծեց մասնաճիւղին արձանագրած յաջողութիւնները՝ յատկապէս շեշտելով Շաբաթօրեայ վարժարանի բացումն ու անոր բազմացող շարքերը: Այնուհետեւ, ուրախութեամբ բեմ հրաւիրեց վեց նորագիրներ, որոնք հետեւելով ՀՕՄի համապատասխան դաստիարակչական ծրագիրին՝ պատրաստակամութիւն յայտնած են միանալու մասնաճիւղին: Այսպէս, ընկերուհիներ Նարինէ Պապիկեան, Սիւզի Սերոբեան, Նազելի Թաճէրեան, Սեւան Սարգիսեան, Սիլվա Քիւրտեան եւ Սեդա Մենեշեան հրապարակաւ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ ՀՕՄին՝ ջանալով իրագործել անոր հետապնդած ազգանուէր նպատակները:
Կնքամայրութեան պատասխանատու պարտականութիւնը վստահուած էր Մարալ Մաթոսեանին, որ ուխտի տպաւորիչ արարողութենէն ետք իմաստալից իր պատգամը փոխանցելով՝ առաջին հերթին ընդգծեց ՀՕՄի «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով առաջնորդուելու կարեւորութիւնը, ապա բացատրեց ՀՕՄուհի ըլլալու իմաստը, ՀՕՄի ստեղծման պայմաններն ու անոր կատարած մարդասիրական գործունէութիւնը:
Ընդգծելով կանացի այս կազմակերպութեան գործունէութեան ծաւալն ու տարողութիւնը՝ Մ. Մաթոսեան վստահեցուց, թէ ներկայիս, ՀՕՄի ծնունդէն 104 տարիներ ետք՝ «ՀՕՄի ծրագիրները այժմէականանալով ծաւալած են եւ ՀՕՄուհին իբրեւ դաստիարակ, հասարակական գործիչ, մտաւորական, ընկերային ծառայող եւ հայ ժողովուրդի պաշտպան՝ կենսական դեր կը կատարէ համահայկական կեանքին մէջ, ամրօրէն կառչած մնալով իր բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներուն, աւանդութիւններուն եւ համազգային իտէալներուն: Աւելի՛ն, այսօր ՀՕՄուհին իր մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը բերէ մարդկային իրաւանց պահպանման եւ ընկերային բարեփոխումներուն»:
Այսուհանդերձ, Մաթոսեան ցաւով անդրադարձաւ հայութեան դիմագրաւած այժմու տագնապալի օրերուն եւ ՀՕՄի գիտակից մօտեցումին՝ հայրենի, Սփիւռքի, Արցախի, æաւախքի եւ յատկապէս Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ:
«ՀՕՄը իր ընկերային ծառայութեան եւ հոգեբանական կեդրոններով, կրկին կ՛օժանդակէ տնազուրկներուն, չքաւորներուն, կարիքաւորներուն, անմեղ զոհերուն եւ հիւանդներուն: Իսկ իր շաբաթօրեայ կամ միօրեայ վարժարաններով, հայեցի կրթութիւն կը ջամբէ օտար վարժարաններ յաճախող հայ մանուկներուն», շեշտեց ան եւ կոչ ըրաւ նորագիրներուն՝ գիտակից մօտեցում ցուցաբերելու իրենց ազգային պարտաւորութիւններուն եւ առաւելագոյն ջանքերով օժանդակելու ՀՕՄի ծրագիրներուն, որպէսզի ՀՕՄն ալ, իր հերթին, օժանդակէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Այնուհետեւ, բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթելով նորագիրներուն՝ Մարալ Մաթոսեան Մուշեղ Իշխանի բառերով եզրակացուց. «Հայ ժողովուրդին ծառայելը, գիտցէ՛ք, ձեր մշտական պարտականութիւնն է, եւ հայ ժողովուրդի բարձրացման համար աշխատիլը պէտք է ըլլայ ձեր ամէնէն բարձր հպարտութիւնը»:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով մթնոլորտը ճոխացուց կատակերգակ Լոռի Թաթուլեանը: Ուշ յետմիջօրէին, ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ ՀՕՄին զօրակցելու պատրաստակամութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ Մասնաճիւղէն)