
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 7րդ դասարանի աշակերտները Փետրուար 18-21ի միջեւ անմոռանալի եւ դաստիարակչական պահեր ապրած են Միացեալ Նահանգներու ազգային ամենահռչակաւոր բնական զբօսավայրերէն մէկը հանդիսացող Եոսեմիթիի մէջ, առաջնորդութեամբ զբօսավայրի անձնակազմի անդամ Ճեքլինի (Ճեք), որ խմբային աշխատանքը զարգացնող եւ կենսոլորտային գիտութեան առնչուող հետաքրքրական շարք մը ծրագիրներ պատրաստած էր աշակերտներուն համար: