
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները Փետրուար 21ին հանդիպում մը ունեցան արուեստագէտ Լիլիթ Սողոմոնեանի հետ, որ անոնց ներկայացուց Հայաստանի մէջ արուեստի ներկայ իրավիճակը եւ Հայաստանի մէջ արուեստագէտ դառնալու մարտահրաւէրները:
Հայաստանի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ արուեստի անհատական եւ խմբային զանազան ցուցահանդէսներու մասնակցած Լիլիթը, Սան Ֆրանսիսքօ կը գտնուէր տեղւոյն Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ իր գործերուն նուիրուած ցուցահանդէսին առիթով: