Ճան Էմ. Ազարեանի յիշատակին հաստատուած կրթանպաստի հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ 2014-2015 համալսարանական տարեշրջանին համար կրթանպաստներու դիմումնագիրները պէտք է յանձնուին մինչեւ Մայիս 31:
Դիմումնագիրները տրամադրելի են www.azariangroup.com/scholarship.html կայքէջէն:
1976ին հաստատուած սոյն հիմնադրամը կրթանպաստներ կը տրամադրէ օժանդակութեան կարիք ունեցող ու միաժամանակ յաջողակ ամերիկահայ ուսանողներու, որոնք Հայց. եկեղեցւոյ գործունէութեան մասնակից են՝ յուսալով, որ անոնք եւս շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ նեցուկ կը կանգնին հայ համայնքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.