«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կամ՝ որդիներուն: Ցեղասպանութենէն վերապրողներու զաւակներն ու թոռները կը հրաւիրենք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն հետ բաժնեկցելու իրենց մեծ հօր կամ մեծ մեծ հօր պատմութիւններէն մէկ հատիկ դրուագ: «Ասպարէզ» այդ դրուագները պիտի հրատարակէ իր Ապրիլեան Եղեռնի 99րդ տարելիցին նուիրուած յաւելուածին մէջ: Խմբագրութիւնս կը խնդրէ նաեւ մեզի տրամադրել վերապրողին նկարը:
Կը հրաւիրենք նաեւ համայնքիս մտաւորականները՝ մեզի յղելու իրենց մտածումներն ու վերլուծումները պահանջատիրական մեր պայքարի առնչութեամբ: Խմբագրութիւնս յաւելուածի իր պատրաստութեան ծիրին մէջ իր աշխատակիցներուն դիմած է հետեւեալ նամակով.
«Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին ենք: Քանի մը տարի առաջ մեծադղորդ յայտարարութիւններ եղան, աշխարհասասան ծրագիրներ մշակելու խոստումներ տրուեցան:
Ձեր կարծիքով որքանո՞վ պատրաստուած ենք ազգովին նշելու Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցը այնպէս, որ գոնէ իր տարողութեամբ ու բնոյթով զանազանուի նախորդ տարիներու ոգեկոչումներէն, քաղաքական կամ յիշատակի ձեռնարկներէն:
Լա՛ւ. հաւանաբար արդէն սկսինք փոխելու դարադարձի ձեռնարկներուն մասին մեր խօսքերուն ու յայտարարութիւններուն ոճը եւ փնտռենք յետ հարիւրամեակի մեր գործողութիւնները աւելի ազդեցիկ, աւելի հնչեղ, քաղաքականօրէն աւելի նպատակային, աւելի պահանջատէր դարձնելու ուղիներ: Մէկ խօսքով, հարիւրամեակը դարձնել մեր միջոցները բազմապատկելու անկիւնադարձ, մեկնարկային տարի՝ մեր գործունէութեան ծրագիրները աւելի տարողունակ ու ծաւալուն դարձնելու մնայուն առաջադրանքով:
Կը սպասենք ձեր կարծիքներուն, գնահատականներուն, առաջարկներուն, մտածումներուն, վերլուծումներուն:
Ապրիլեան մեր յաւելուածը լոյս պիտի տեսնէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 24ին: Ձեր գրութիւնը պէտք է խմբագրատուն հասնի մինչեւ Ապրիլ 10»:
Նոյն նամակով կը դիմենք նաեւ բոլորիդ: