
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պոլսահայ բազմատաղանդ մտաւորական, լեզուաբան, գրող, հրապարակախօս Սեւան Նշանեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան բարձր պարգեւին՝ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան մետալին: Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ այդպիսով նախարարութիւնը ըստ արժանւոյն կը գնահատէ Սեւան Նշանեանի ազգանուէր գործունէութիւնը, որ ամբողջութեամբ հայապահպանութեան, հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման անմնացորդ նուիրում է: