Մարտ 20ին հաղորդուեցաւ, որ արբանեակներու միջոցաւ Աւստրալիոյ ափերուն մօտերը յայտնաբերուած են բեկորներ, որոնք կրնան պատկանած ըլլալ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ անհետացած մալեզիական օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւին: Արդէն իսկ շրջան ուղարկուած են նաւեր եւ օդանաւեր՝ փնտռտուքի գործողութեան մասնակցելու համար։ Օդանաւը անհետացած էր Մարտ 8ին, երբ 239 հոգիով ճամբայ ելած էր Քուալա Լամփուրէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.