ՄԱԿ.- ՄԱԿի գաղթականական հարցերու գրասենեակին տուեալներով՝ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով այլ երկիրներ ապաստանած սուրիացիներուն թիւը 2014ի Դեկտեմբերին պիտի հասնի 4.1 միլիոնի։ Նոյն գրասենեակին համաձայն՝ 4.1 միլիոն գաղթականներու առօրեայ կենցաղային ու առողջապահական ծախսերը ապահովելու համար, անհրաժեշտ է 4.2 միլիառ տոլար։
2013ի Դեկտեմբերի դրութեամբ, սուրիացի գաղթականներուն թիւը 2.3 միլիոն էր, որոնց 35 տոկոսը ապաստանած է Լիբանան, 24 տոկոսը՝ Յորդանան, 22 տոկոսը՝ Թուրքիա, 9 տոկոսը՝ Իրաք, 6 տոկոսը՝ Եգիպտոս, իսկ 4 տոկոսը՝ այլ երկիրներ։
Սուրիոյ բնակչութեան պաշտօնական թիւը՝ 2012ի Յուլիսի տուեալներով, 22.5 միլիոն էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.