ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան ղեկավարները կը քննէին Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու կարելիութիւնները, Ռուսիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի, Մարտ 20ին վաւերացուց երկու օր առաջ Ռուսիոյ նախագահին, Խրիմի վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին, ինչպէս նաեւ Սեւասթոփոլի քաղաքապետին միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որուն միջոցաւ Խրիմը եւ անոր Սեւասթոփոլի նաւահանգիստը պիտի միանան Ռուսիոյ: Նշենք, որ Սեւասթոփոլի մէջ հաստատուած է Սեւ ծովու ռուսական ծովուժին կեդրոնը:
Ռուսիոյ իշխանութիւնները արդէն իսկ սկսած են ռուսական անցագիրներ շնորհելու Խրիմի քաղաքացիներուն, որոնք Խրիմի տարածքին արդէն իսկ ռուբլին սկսած են գործածելու՝ իբրեւ պաշտօնական դրամանիշ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.