ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Խրիմի հարցով Ռուսիոյ «խրատներ» չզլացող եւ ապա անոր դէմ պատժամիջոցներ սահմանած Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը շարունակեն լուռ մնալ Քեսապի հայութիւնը դարձեալ տարագրութեան մղած՝ «Քայիտա»ի զինակիցներուն ձեռքով ու Թուրքիոյ օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ իրականացուող միջազգային շարք մը օրէքներու խախտումներուն դէմ:
Միամտութիւն պիտի ըլլար ակնկալել, որ Ուաշինկթըն առաջին օրէն իսկ խստօրէն դատապարտէր իր վաղեմի դաշնակիցին եւ իր ոխերիմ թշնամիին միջեւ համագործակցութեան միջոցաւ իրականացուող յառաջխաղացքը, որուն ռազմավարական նպատակն է՝ երկրին միւս կողմը սուրիական բանակին յաջորդական յաջողութիւններուն թափը զսպել: Սակայն, «կայսեր մերկութիւն»ը, այս պարագային, բացայայտ է բոլորին, որովհետեւ ան լուռ կը մնայ, մինչ իր կողմէ քաղաքակրթութեան թշնամի որակուած կազմակերպութեան համակիր զինեալները կը համագործակցին Ուաշինկթընի կողմէ Միջին Արեւելքի միւս երկիրներուն համար տիպար նկատուող Թուրքիոյ հետ, տեղահան ընելու համար Քեսապի բնակչութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Երեքշաբթի օր կը պնդէր, թէ Ռուսիա կորսնցուցած է իր անցեալի հեղինակութիւնը՝ Խրիմը իրեն կցելու քայլը նկատելով Մոսկուայի վարկը բարձրացնելու ձախող փորձ մը, «մոռնալով» յատկապէս վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ամերիկեան արկածախնդրական արտաքին քաղաքականութեան պատճառած վնասները՝ ամերիկեան միջազգային վարկին: Համոզելու եւ խոստումներէ խուսափելու իր ձիրքով յայտնի նախագահը, նախքան Ռուսիոյ հեղինակութեամբ մտահոգուիլը, պէտք է իր վարկին մասին մտածէ եւ գիտակցի, թէ չի կրնար իր հեղինակութիւնը զօրացնել, երբ կը շարունակէ երկու չափ, երկու կշիռ գործածել իր դաշնակիցներու եւ հակառակորդներու արարքներուն հակադարձելու համար: