ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարեց, որ Սկովտիոյ անկախութիւնը Բրիտանիոյ ազգային ապահովութեան վտանգ կը ներկայացնէ, սակայն վստահութիւն յայտնեց, որ Լոնտոն պիտի կարենայ դէմ դնել որեւէ սպառնալիքի:
Պահպանողական կուսակցութեան սկովտիացի անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, Համընտ յայտնեց, որ «բրիտանական զօրքերուն թիւը եւ պաշտպանութեան ամավարկը ցոյց կու տան, որ Բրիտանիա պատրաստ է դիմակայելու իր բոլոր սպառնալիքները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.