ՊԷՅՐՈՒԹ, ԹԵՀՐԱՆ, «Էյ.Փի.», «Ֆարս».- «Մայատին» կայանը Երեքշաբթի, Ապրիլ 1ին հաղորդեց, թէ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը կը փորձէ Գալատուրանը Քեսապին կապող ճամբան կտրել՝ զինեալները մեկուսացնելու համար, շարունակելով քանի մը օր առաջ դէպի Քեսապ իր յառաջխաղացքը:
Երեքշաբթի օր, բանակային աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին մօտաւորապէս հազար իսլամ ծայրայեղականներ սպաննուած են Լաթաքիոյ նահանգին մէջ, ուր բանակը ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող քանի մը բարձունք կրցած է վերագրաւել:
«Մայատին» հաղորդեց, որ Քեսապի շրջանին մէջ բախումները կը շարունակուին:
«Սուրա Ալ-Էն» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քեսապի ճակատին վրայ նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կառավարական ուժերուն ձեռքն է: Շրջան ուղարկուած են զինուորական այն ստորաբաժանումները, որոնք լեռնային շրջաններուն մէջ մարտեր մղելու փորձառութիւն ձեռք ձգած էին Դամասկոսի հիւսիսը գտնուող Քալամուն շրջանի մարտերուն ընթացքին: Այլ ուժեր եկած են նաեւ Թարթուսէն եւ Դամասկոսէն:
Ըստ թուրք բժիշկներու ներկայացուցած տուեալներուն՝ վերջին օրերուն ընթացքին 2695 ծայրայեղականներ սպաննուած են, իսկ Թուրքիոյ մէջ հիւանդանոցներ փոխադրուած են 5635 վիրաւորներ:
«Հըզպալլա»ի եւ Սուրիոյ բանակի զինուորական գործողութիւններու միացեալ գրասենեակէն ղեկավարներ, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած են, թէ ընդդիմութեան «Շամ Իսլամ», «Անսար Շամ», «Ճապհաթ Նուսրա» եւ «Ահրար Շամ» (բոլորը «Քայիտա»ի առնչակից) խմբաւորումներու հազարաւոր զինեալներ Թուրքիոյ հետ Քեսապի անցքէն մուտք գործած էին սուրիական հողեր: Աղբիւրները կը նշեն, թէ սուրիական ղեկավարութիւնը չէր սպասեր, որ Թուրքիա «Քայիտա»ին առնչակից խմբաւորումներուն արտօնէ Սուրիա մուտք գործել՝ Քեսապի ճամբով, ուր հայեր կը բնակին: Միւս կողմէ, սէուտական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակի ջոկատները, որոնք սուրիական ծովափին մէջ ճակատ բացած են, մտադիր են Ժապալ Թիւրքմէնի շրջանէն մեկնելով՝ ճակատամարտը ընդլայնել:
Սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնած են, որ մինչեւ հիմա Քեսապի դէմ յարձակումին թրքական ուղղակի միջամտութեան հակադարձելու որոշում չէ տրուած, որպէսզի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան զայն քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ չօգտագործէ, «սակայն՝ այդ ընտրութենէն ետք ամէն ընտրանքները սեղանի վրայ են»:
Նաեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղած է քննելու անմիջական նիստի մը գումարումը, քննարկելու համար Քեսապի մէջ ծայրայեղականներուն կողմէ հայերու դէմ գործուած ոճիրները:
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ համացանցի վրայ հրատարակուեցաւ լուր մը, ըստ որուն՝ Սուրիոյ մէջ թիւրքմէնները իրենց «պաշտպանութեան» տակ առած են Քեսապի հայկական եկեղեցին եւ հայապատկան ինչքերն ու կալուածները։ Նոյն լուրին մէջ կը հաղորդուի նաեւ հակադիր պնդում մը. Սուրիոյ Պայըր Պուճաքի թիւրքմէնները դիտել կու տան, որ հայկական Սփիւռքը կանգնած է Սուրիոյ իշխող կուսակցութեան կողքին եւ սփիւռքահայերը կը գործադրեն քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած է թուրքի ու թիւրքմէններու դէմ թշնամութեան վրայ։
Վերջապէս, Չեչենիոյ նախագահ Ռամզան Քատիրով յայտարարած է, թէ Քեսապի վրայ յարձակած ահաբեկիչները ոչ մէկ ընդհանուր կապ ունին իսլամութեան հետ՝ ցաւակցութիւն յայտնելով Քեսապի եւ Սուրիոյ այլ քաղաքներու մէջ զոհուածներու ընտանիքներուն: Ան աւելցուցած է նաեւ, թէ ահաբեկիչները Քեսապ մուտք գործած են Թուրքիայէն, «դաստիարակուած, զինուած ու կերակրուած են Արեւմուտքին կողմէ», ապա հարց տուած է. «Ո՞ւր է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը: Անոնք ինչո՞ւ լուռ կը մնան»:ժ