
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Չեմ գիտեր ինչու, բայց հաճելի անակնկալ նկատեցի Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռին փոխանցած լուրը՝ «Տուրիստական գործակալութիւններն այսօրուանից հայ զբօսաշրջիկներին Թուրքիա չեն ուղարկի» վերնագիրով: (Լուրը կարդալ էջ 18ի վրայ):
Ինչո՞ւ անակնկալ: Թրքական ապրանքներ հայկական շուկայէն հանելու անցեալի կոչերն ու յորդորները խուլ ականջի արժանացած են շատերու կողմէ՝ այստեղ եւ Հայաստանի մէջ: Շահոյթ ապահովելու մտասեւեռումը մարդոց առողջ դատողութիւնը կը տկարացնէ հաւանաբար, ու անոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կ՛անտեսեն այն պարզագոյն հաշուարկը, որ թշնամիին գրպանը լեցուցած մեր իւրաքանչիւր լուման, մեզի դէմ ուղղուած զէնքերու մատակարարման կը ծառայէ:
Զբօսաշրջութեամբ զբաղող հայաստանեան 120 ընկերութիւններէն 12ը որոշած է իր յաճախորդները ուղղորդել դէպի զբօսաշրջութեան այլ վայրեր, այլ երկիրներ: Մենք այս յայտարարութիւնը կ՛ողջունենք՝ յուսալով, որ հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ գործող՝ հայ սեփականատէր ունեցող զբօսաշրջութեան այլ ըկերութիւններ եւս միանան այս քայլին:
Անշուշտ, մենք պէտք չէ բաւարարուինք ողջունելով այս յայտարարութիւնը: Մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ քաջալերել այս կեցուածքը՝ մեր վերաբերումը շօշափելիօրէն արտայայտելով զայն ստորագրող ընկերութիւններուն հանդէպ, նախընտրութիւն տալով անոնց առաջարկած ծառայութիւններուն, անոնց առաջարկած զբօսաշրջութեան փաթեթներուն:
Քեսապի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ թրքական հովանաւորութեամբ իրականացած տմարդի յարձակումին փաստը սթափեցնող ապտակ մըն է բոլորիս ու պէտք է մեզ մղէ, որ ընդարձակենք հայ ժողովուրդին դէմ դաւադիր գործողութիւններ ձեռնարկող պետութեան շահերուն դէմ պայքարը՝ լուսաբանելով այդ շահերուն անուղղակիօրէն ծառայող մեր անգիտակից ազգակիցները:
Թրքական զբօսավայրեր այցելութիւնը չքաջալերելով չենք կրնար բաւարարուիլ: Այս վերաբերումը պէտք է տարածուի նաեւ ընդհանրապէս թրքական ապրանքներու վրայ, մանաւանդ՝ հայկական խանութներու մէջ անոնց վաճառքը անիմաստ դարձնելով, այսինքն՝ չգնելով: Նոյնիսկ եթէ որոշ հայ խանութպաններ սովորութեան ուժով շարունակեն իրենց դարակները լեցնել թրքական սպառողական ապրանքներով, մենք մեր գործը ընենք ու թողունք, որ այդ ապրանքները փոշիներու տակ մնան:
Որքա՞ն դժուար կրնայ ըլլալ ատիկա: